ՆՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր կաթողիկոս-պատրիարքը երէկ ի վերջոյ ընտրուեցաւ Հռոմի մէջ։ Այսպէս, Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան դարձաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց 21-րդ կաթողիկոս-պատրիարքը։ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդը անցեալ ամառ Զմմառի մէջ երկշաբաթեայ նստաշրջանի ընթացքին կատարած իրերայաջորդ քուէարկութիւններով հանդերձ չէր յաջողած ընտրել նոր կաթողիկոս-պատրիարքը։ Իսկ այս անգամ, Վատիկանի Ս. Աթոռին կողմէ կատարուած կանոնադրութեան փոփոխութենէն վերջ, Հռոմի մէջ կազմակերպուած նոր նստաշրջանի արդէն երկրորդ օրը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները յաջողեցան ընտրել նոր հոգեւոր տէրը։ Հռոմի հայկական Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանէն ներս կատարուած ընտրութեան արդիւնքը արդէն անմիջապէս արձագանգ ստեղծեց եկեղեցական շրջանակներէ ներս։ Մինասեան Գերապայծառ 2011 թուականէն ի վեր առաջնորդն էր Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու կաթողիկէ հայոց։ Ան միեւնոյն ժամանակ «Հայկական քարիթաս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը կը գլխաւորէր։ Նոր հոգեւոր տիրոջ ընտրութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին երէկ յետմիջօրէին իր հաւատացեալներու նկատառման յանձնեց՝ բոլոր եկեղեցիներու զանգակներու ղօղանջով։ Նորընտիրը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 21-րդ կաթողիկոս-պատրիարքն է։ Մինասեան Գերապայծառ արդէն ստացած է Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. անունը։

Նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքը ծնած է 1946 թուականին։ Զմմառի պատրիարքական միաբանութեան ընծայարանին մէջ ստացած է դպրոցական բարձրագոյն կրթութիւնը։ Յաճախած է նաեւ Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանը եւ աշակերտած է նոյնպէս Հռոմի մէջ՝ Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանը, ուր ստացած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վկայականներ։ Նոյնպէս Հռոմի մէջ ուսումը շարունակած է Սալեզեան համալսարանէն ներս՝ մասնագիտանալով գործնական հոգեբանութեան վրայ։ 1973 թուականին Պէյրութի մէջ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ Յաջորդող տասնամեակներուն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է եւ այդ ամբողջին մէջ շրջադարձային կը նկատուի 2011 թուականին ստացած նշանակումը՝ որպէս տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կապադովկեան Կեսարիոյ հայոց եւ առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու կաթողիկէ հայոց։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական մը ուղարկած է նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան առթիւ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2021