Տ. ԵԶՆԻԿ ԱՐՔ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, անցեալ կիրակի՝ Բարեկենդան Վարագայ Ս. Խաչի, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, որ Յունաստանի Կրետէ կղզիի Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ տեսուչն է։ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբազնութեան առընթերակայ էր Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պերճ Սրկ. Երամեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սէրլի Տեմիրի։
Նորին Սրբազնութիւնը օրուան քարոզին համար բնաբան ընտրած էր Ճաշու աւետարանի հետեւեալ խօսքը. «Այն, որ Աստուծոյ կողմէ միացուած է, մարդ թող չբաժնէ»։ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ թաղի հոգելոյս շարք մը հաւատացեալներուն համար։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանը։
Եկեղեցական
- 11/26/2024