ՄԱԼԹԱՅԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ՝ Մալ­թա­յի Ինք­նիշ­խան Մար­տա­կան Ուխ­տի Իշ­խան ու Մեծ Վար­պետ Ֆրա Մե­թիու Ֆսե­թինկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան, ու հիւ­րըն­կա­լ­ուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ան «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դու­րադ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Ֆրա Մե­թիու Ֆսե­թինկ ե­րէկ այ­ցե­լեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Բաց աս­տի, ան Մայ­րա­վան­քի պատ­մա­կան հա­մա­լի­րէն ներս կա­տա­րեց ընդ­հա­նուր շրջայց մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016