ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մոս­կուա­յի մէջ ներ­կայ գտնուե­ցաւ Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քի­րիլ Պատ­րիար­քի 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նո­ւած հան­դի­սա­ւոր հա­մեր­գին։ Քրիս­տոս Ա­մե­նափր­կիչ տա­ճա­րի ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղով­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս պաշ­տօ­նա­կան ձեռ­նար­կը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին, Սպի­տակ Ռու­սիոյ Նա­խա­գահ Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շեն­քօ, Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ, քրիս­տո­նէա­կան զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­վուա­պետ­ներ ու պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ, այլ կրօն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Սի­նո­դի ան­դամ­ներ ու բարձ­րաս­տի­ճան կղե­րա­կան­ներ, դի­ւա­նա­գէտ­ներ, պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու, հա­սա­րա­կա­կան կամ բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, գի­տու­թեան եւ մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­ներ։

Հա­մեր­գի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րա­կան պատ­գա­մը յղեց իր հո­գե­ւոր եղ­բօր՝ Քի­րիլ Ա. Պատ­րիար­քին։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նու­նով Քի­րիլ Պատ­րիար­քը շնոր­հա­ւո­րե­լով ծննդեան 70-ա­մեա­կի նշա­նա­կա­լի ա­ռի­թով՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ. «Մենք ձեզ կը ճանչ­նանք որ­պէս Քրիս­տո­սի ու Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­րիմ ու անձ­նուէր ծա­ռայ։ Քրիս­տո­սի Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւո­րու­թեան դուք կո­չուած էք խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն, երբ բազ­մազգ պե­տու­թեան ամ­բողջ տա­րած­քէն ներս կը հա­լա­ծուէր հա­ւատ­քը, զա­նա­զան ճնշում­նե­րու կ՚են­թար­կուէին ե­կե­ղե­ցին եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նը։ Աս­տուած­մեր­ժու­թեան դժուա­րին ժա­մա­նակ­նե­րուն դուք ան­նուազ նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ ծա­ռա­յե­ցիք Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան։ Բա­րին ներդրում բե­րիք հա­ւա­տա­ցե­լոց հո­գե­ւոր կեան­քի զօ­րաց­ման՝ եր­կա­րա­մեայ պա­տաս­խա­նա­տու բարձր ծա­ռա­յու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լով կրթա­կան եւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ո­լորտ­նե­րու մէջ, մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րե­լով ե­կե­ղե­ցա­կան նոր սե­րուն­դի պատ­րաս­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ երկ­խօ­սու­թեան խթա­նու­մը ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ»։­

Ա­ւե­լի վերջ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մատ­նան­շեց, որ Քի­րիլ Պատ­րիարք շա­րու­նա­կած է ե­ռան­դուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ ի խնդիր իր հա­ւա­տա­ւոր հօ­տի հո­գե­ւոր կեան­քի զօ­րաց­ման եւ յա­ռա­ջըն­թա­ցին՝ կո­չուե­լով հայ­րա­պե­տա­կան բարձր ծա­ռա­յու­թեան։ «Ա­մէնքս այ­սօր ա­կա­նա­տեսն ենք Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան, ե­կե­ղե­ցա­կան սպա­սա­ւո­րու­թեան ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­զարդ­ման։ Ձեր հայ­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն եւս դուք նշա­նա­կա­լի ա­ւանդ մը բե­րիք մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան աս­պա­րէ­զի մէջ՝ ըլ­լա­լով ջա­տա­գո­վը աշ­խար­հի վրայ քրիս­տո­նէա­կան ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման, քրիս­տո­նեա­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ու միջկ­րօ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւոր­ման», նշեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։

Պատ­գա­մի տե­ւո­ղու­թեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ու­րա­խու­թեամբ վեր­յի­շեց Քի­րիլ Պատ­րիար­քին կող­մէ տրուած այ­ցե­լու­թիւ­նը Հա­յաս­տան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ «Մեր հան­դի­պում­նե­րը, փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը յատ­կան­շուած են բա­րե­կա­մու­թեամբ ու բա­րեա­ցա­կա­մու­թեամբ, ո­րոնց­մով պսա­կուած են մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր եղ­բայ­րու­թիւնն ու փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Գո­հու­նա­կու­թիւն է հաս­տա­տել, որ ձեր հայ­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն ա­ռա­ւել ամ­րապն­դուած են մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ հա­ւա­տա­կից մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եղ­բայ­րա­կան կա­պերն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մար այ­սօր գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք կը վե­րա­ռա­քենք առ Բարձ­րեա­լը։ Վստահ ենք, որ բա­րե­կա­մու­թեան այդ նոյն ո­գին պի­տի շա­րու­նա­կէ թա­գա­ւո­րել մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ՝ փո­խա­դարձ ըմբռ­նու­մով, սի­րով ու յար­գան­քով նոր ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու քրիս­տո­սա­պա­տուէր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ», մատ­նան­շեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Քի­րիլ Պատ­րիար­քին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ Ռու­սաս­տա­նէ ներս Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ թե­մե­րուն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած հայ­րա­կան վե­րա­բեր­մուն­քին, ինչ­պէս նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան տե­ւա­կա­նաց­ման, Ատր­պէյ­ճա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դի եւ Հա­յոց Հայ­րա­պե­տի հետ միա­սին ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պում­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման հա­մար։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­ղօթք բարձ­րա­ցուց առ Աս­տուած, որ­պէս­զի եղ­բայ­րու­թեան, սի­րոյ ո­գին եւ գոր­ծակ­ցու­թեան բա­րի ար­դիւնք­նե­րը շա­րու­նա­կեն զար­դա­րել Ռուս Ուղ­ղա­փառ եւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը՝ քա­ջա­լե­րե­լով եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը միաս­նա­բար ապ­րե­լու եւ ա­րա­րե­լու՝ որ­պէս Աս­տու­ծոյ որ­դի­ներ եւ որ­պէս հա­ւա­տա­կից եղ­բայր­ներ։

Խօս­քի ա­ւար­տին, Նո­րին Սրբու­թիւ­նը Քի­րիլ Պատ­րիար­քին մաղ­թեց քա­ջա­ռող­ջու­թիւն, ա­րեւ­շա­տու­թիւն, անս­պառ կո­րով ու քա­ջե­ռան­դու­թիւն՝ հայ­ցե­լով, որ Տէ­րը հա­նա­պազ զօ­րա­կից ու ա­ջա­կից ըլ­լայ ա­նոր՝ հո­վուա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րը զար­դա­րե­լով նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով ու ձեռք­բե­րում­նե­րով ի փառս Աս­տու­ծոյ եւ ի պայ­ծա­ռու­թիւն Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016