ԱՐՀԻ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԵՔԻԵԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս, տան աւետիս աշխարհի»

Խորհուրդը մեծ եւ սքանչելի, որ այսօր յայտնուեցաւ,
Հովիւներ կ՚երգեն հրեշտակներուն հետ, աւետիս կու տան աշխարհի

Քրիստոսի Ս․ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան յիշատակին կապուած այս օրերը, ժամանակի ընդոստ ելեւէջումին մէջ, տարւոյն ամենէն հոգեպարար, մեր սրտերը ամենէն քնքշօրէն շոյող օրերը կ՚ընծայեն մեզի։

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը մեծ եւ սքանչելի խորհուրդն է, որով Հայր Աստուած տնօրինած է իր անեզր յաւերժութեան մէջ՝ անօրէնութեան, կեղեքումի, անարդարութեան, եղբայրասպանութեան, մէկ խօսքով՝ մեղքի ճիրաններուն մէջ գալարող մարդկութեան հոգեւոր փրկութիւնը։

Ամէն ընտանիքի համար, մանուկին ծնունդը իրենց մեծագոյն ուրախութիւնն է։ Իսկ Յիսուսի ծնունդը ամենամեծ ուրախութիւնն է քրիստոնեայ հաւատացեալներու աշխարհածաւալ մեծ ընտանիքին համար։

Մարդուս վերաբերող կենցաղային երեւոյթներուն մէջ, մեր ուրախութիւնը կ՚արտայայտենք, զանազան ձեւերով, հոգեկան ու մարմնական խառն հարթակներու վրայ։ Այսպէս Ս․ Ծննդեան տօնն ալ կը տօնենք նախ մեր եկեղեցիներուն խորհրդազգած մթնոլորտին, անոնց երկնամբարձ կամարներուն ու գմբէթներուն ներքեւ, աստուածընկալ խորաններուն առջեւ։ Բայց կը տօնենք նաեւ մեր ընտանեկան երդիքներուն տակ, մեր ակութներուն ջերմութեան, մեր ընտանիքներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ծանօթներուն մերձաւորութեան հոգեպարար մտերմութեան մէջ։

Այս տողերով կը փափաքիմ նախ շնորհաւորել Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ս․ Ծննդեան, Փրկչին Տնօրէնութեան, Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան տօնական օրերու շղթան, բոլորին մաղթելով՝ որ գալիք Ամանորը ըլլայ միշտ Բեթղեհէմի գիսաւոր աստղին լոյսով ողողուած, Յիսուսի մսուրին շնորհներով տոգորուած, Երկնաւոր Հօր օրհնութիւններով ցնցղուած, Ս․ Հոգւոյն միւռոնածոր խնդութիւններով բերկրալից։

Կը փափաքիմ նաեւ հայրական յորդորս ուղղել բոլորին՝ որ տօնենք Ս․ Ծնունդը եւ յարակից տօները, վայելելով անշուշտ մեր տուներուն մտերմիկ ջերմութիւնը, այս տօներուն առթած վայելքն ու հանգիստը, բայց յիշելով եւ ապրելով միշտ Ս․ Ծննդեան խորագոյն նշանակութիւնը՝ որ է Փրկչին երեւումը եւ յայտնութիւնը աշխարհի վրայ։

 Անցեալ կիրակի տեղի ունեցան մեր համայնքին Վաքըֆներու հոգաբարձութիւններուն թաղականներու ընտրութինները, բացառութեամբ Ս․ Յակոբ հիւանդանոցի եւ Ս․ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ։ Ի հեճուկս մարդկօրէն հասկնալի որոշ անհանգստութիւններու, ընտրութիւնները անցան անդորր ու խաղաղ մթնոլորտի մէջ։ Հազար փա՜ռք Աստուծոյ։ Նորընտիր բոլոր անդամներուն կը մաղթեմ ի սրտէ Ս․ Հոգւոյ եօթնարփին շնորհները, որպէսզի իմաստութեամբ, աշխատասիրութեամբ, խոնարհութեամբ, ու մանաւանդ մեր տիրախնամ Համայնքին եւ անոր Առաջնորդին հետ համերաշխ գործակցութեամբ ու թափանցիկ վարչակարգով կարենան ի գլուխ հանել իրենց վստահուած փափուկ, կարեւոր, ազգանուէր ու եկեղեցաւանդ ծառայութիւնը։

 Այս առթիւ աղօթքի եւ բարեմաղթութեան իմ եղբայրական իղձերս կը փափաքիմ փոխանցել բովանդակ Հայ ժողովուրդին, սկսեալ Իսթանպուլի մեր տնակից եղբայրներէն եւ քոյրերէն եւ անոնց Ամենապատիւ Սրբազան Հովուապետէն, հոգեկից եղբայր Տ․ Սահակ Պատրիարքէ, մինչեւ Հայոց աշխարհ, մինչեւ սփիւոքի ծայրերը, մինչեւ մեր Նուիրապետական բոլոր Աթոռները եւ անոնց տիրաւանդ հօտերը։

Թող բոլորիս յարատեւ աղօթքը ըլլայ, յատկապէս այս սուրբ օրերուն, որպէսզի հրեշտակներու աստուածաշունչ երգը՝ երկրի վրայ խաղաղութեան եւ մարդոց միջեւ հաշտութեան, իրականութիւն դառնայ՝ սկը-սեալ մեր երկրէն, Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններէն մինչեւ աշխարհի ծագերը, իր ազդեցութիւնը զգացնելով մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի ալեկոծ տարածքներուն վրայ։

Բեթղեհէմի սիրասուն Մանուկը, Տէր Յիսուս, որ ամենակալ Տէրն է աշխարհի, թո՜ղ իր սէրն ու գթութիւնը առատօրէն զեղու մեր այս տառապագին մարդկութեան վրայ։

Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԵՔԻԵԱՆ
Վիճակաւոր Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց

21 դեկտեմբեր 2022

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2022