ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ա­ղօթ­քի շաբ­թուան եզ­րա­փա­կիչ փու­լը բնո­րո­շեց այս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին Լա­տին Կա­թո­լիկ­նե­րու Վի­ճա­կա­ւոր Լուի Փե­լաթր Ե­պիս­կո­պո­սը, Յոյն Ուղ­ղա­փառ, Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ, Հայ Կա­թո­ղի­կէ եւ Անկ­լի­քան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին նաեւ Ս. Գրոց ըն­կե­րու­թե­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Հան­դի­սա­դիր Սրբա­զան Հօր կող­քին մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն կող­մէ ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան, Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան, Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեան, Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան, Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան եւ Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեան։ Վե­րո­յի­շեալ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պաշ­տա­մուն­քին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ի­րենց իսկ լե­զուով։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր Դ. Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Շէն­ճա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ար­տէն Գա­րի­պեա­նի։

Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը սկսաւ «Խոր­հուրդ մեծ» Ս. Ծննդեան հո­գե­պա­րար շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, ո­րով հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը թա­փօ­րով մուտք գոր­ծեց ե­կե­ղե­ցի եւ միաս­նա­բար ար­տա­սա­նեց Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը։ Քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ան­դամ­նե­րը Ս. Գրոց ըն­թեր­ցում­ներ կա­տա­րե­ցին ի­րենց լե­զու­նե­րով։ Հան­դի­սա­դիր Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը, ո­րու ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց քրիս­տո­նէա­կան սի­րոյ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ «Ճշմար­տու­թիւն մըն է, որ զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­ներ վար­դա­պե­տա­կան ու­սու­ցում­նե­րու մէջ կրնան ու­նե­նալ ո­րոշ տար­բե­րու­թիւն­ներ։ Բայց եւ այն­պէս, տար­բե­րու­թեան վրայ ծան­րա­նա­լով տկա­րա­ցու­ցած կ՚ըլ­լանք Քրիս­տո­սի ե­կե­ղե­ցին, ո­րով­հե­տեւ երբ կ՚ըլ­լանք ի Քրիս­տոս եղ­բայր­ներ, միայն այն ժա­մա­նակ կը դառ­նանք Քրիս­տո­սի խօս­քը ճշմար­տա­պէս յայ­տա­րա­րող ու տա­րա­ծող­ներ», ը­սաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Ա­րա­րո­ղու­թեան եզ­րա­փա­կիչ փու­լին միաս­նա­բար ա­ղօթք բարձ­րա­ցուե­ցաւ առ Աս­տուած աշ­խար­հի եւ Թուր­քիոյ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քէն վերջ շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ դար­ձեալ կազ­մուե­ցաւ թա­փօր մը եւ այս­պէ­սով մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ա­ղօթ­քի շա­բա­թը հա­սաւ իր ա­ւար­տին։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, յա­րա­կից «Պա­լըք­ճեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան մը, ո­րուն եւս նա­խա­գա­հեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուրդն ու տիկ­նանց կազ­մը այս առ­թիւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րա­սի­րե­ցին ներ­կայ բո­լոր հո­գե­ւո­րա­կան­ներն ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։   

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2016