Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդհանուր համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան առկայ հարցերուն շուրջ
Փետրուարի 23-24-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցան հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցէին Հայոց Հովուապետի հրաւէրով Մայր Աթոռ ժամանած Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբան երեք եպիսկոպոսները՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:
Փետրուարի 23-ի հանդիպումէն առաջ, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Գարեգին, Արամ եւ Սահակ Սրբազանները այցելեցին Մայր Տաճար, ուր Իջման Ս. Սեղանի առջեւ միասնական աղօթք կատարեցին՝ Կ.Պոլսոյ դարաւոր Պատրիարքական Աթոռի պայծառութեան, առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ պոլսահայ համայնքէն ներս խաղաղութեան ու համերաշխութեան վերահաստատման համար: Աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած նաեւ Աթոռի հանգստեան կոչուած գահակալ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի համար, որ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի մէջ կը շարունակէ մնալ մշտական խնամքի տակ:
Երկօրեայ քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան կեանքի մէջ վերջին օրերուն տեղ գտած իրադարձութիւններուն, պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացի շուրջ յառաջացած յուզումներուն ու տարակարծութիւններուն:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սրբազան Հայրերուն յորդորեց Պատրիարքական Աթոռի գերագոյն շահերու գիտակցութեամբ՝ բոլոր ջանքերը ի գործ դնել հոգեւորականաց միջեւ եւ պոլսահայութեան կեանքէն ներս փոխըմբռնման, հաշտութեան ու եղբայրասիրութեան ոգիի ամրապնդման համար: Նորին Սրբութեան թելադրութիւնն էր փոխհասկացողութեամբ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ կանոններու ու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ որդեգրուած կանոնական եւ աւանդական ընթացակարգերու պահպանութեամբ լուծման առաջնորդել պատրիարքական ընտրութիւններու ամբողջ գործընթացը:
Ստեղծուած իրավիճակին եւ անոր հանգուցալուծման ուղիներուն վերաբերեալ Սրբազան Հայրերու կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տրուեցան անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ, ներկայացուած տեսակէտներու շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ: Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբանները նաեւ առանձնաբար քննարկեցին Պատրիարքութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:
Տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ քննարկումներու արդիւնքին ձեռք բերուեցաւ հետեւեալ ընդհանուր համաձայնութիւնը.
- Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի հրաւէրով Եկեղեցական համագումար ժողովը մինչեւ տարւոյս մարտի 15-ը կը կատարէ տեղապահի ընտրութիւն: Տեղապահի ընտրութեամբ, ըստ Եկեղեցւոյ կանոնակարգի, կը դադրին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի լիազօրութիւնները,
- Աթոռի միաբան եպիսկոպոսները հաւասար իրաւունք ունին ներկայացնելու իրենց թեկնածութիւնը տեղապահի ընտրութիւններուն,
- Տեղապահի ընտրութիւններէն վերջ Կրօնական ժողովը կը ստեղծէ եկեղեցականներէ եւ աշխարհականներէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը՝ օրէնքով սահմանուած կարգով Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին եւ ընտրուած տեղապահին միջեւ յանձնում-ընդունում կազմակերպելու համար,
- Տեղապահի ընտրութենէն յետոյ տասնօրեայ ժամկէտով կը կազմակերպուին Նախաձեռնարկ մարմնի ընտրութիւնները՝ ըստ Պատրիարքութեան ընկալեալ ընթացակարգերուն։ Նախաձեռնարկ մարմինը, իր հերթին, վեց ամսուան ընթացքին, տեղապահի գլխաւորութեամբ, կը կազմակերպէ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւնը՝ ըստ գործող ընթացակարգերու,
- Նախաձեռնարկ մարմինը ամէն ամիս հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ Կրօնական ժողովին եւ հանրութեան՝ ընտրութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ,
- Եթէ պատրիարքական ընտրութիւնները տեղի չունենան վեց ամսուան ընթացքին, Կրօնական ժողովի հրաւէրով Պատրիարքութեան Եկեղեցական համագումար ժողովը եւ համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներու ժողովը իրենց վերապահուած լիազօրութիւններու շրջանակէն ներս կ’առաջադրեն տեղապահի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի նկատմամբ վստահութեան քուէի հարցը,
- Նախաձեռնարկ մարմինը ընտրական շրջանին հաւասար պայմաններ կ’ապահովէ պատրիարքական թեկնածուներուն՝ իրենց ընտրական քարոզչութեան իրականացման համար:
Փետրուարի 24-ին, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան հանդիպում ունեցան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ եպիսկոպոսներուն հետ։ Հանդիպման հրաւիրուած էր նաեւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլջեան, իբրեւ պատրիարքական թեկնածուներէն մին:
Խորհրդակցութիւններու աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը փոխանցեց իր գնահատանքը Կ.Պոլսոյ միաբան եպիսկոպոսներու նկատմամբ՝ երկօրեայ ժողովներու ընթացքին դրսեւորուած յանձնառութեան համար՝ եղբայրական ոգիով եւ նախանձախնդրութեամբ Պատրիարքութեան եւ պոլսահայութեան կեանքէն ներս ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղղուած ջանքերուն բերումով: Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր սէրն ու օրհնութիւնները Պատրիարքութեան ուխտապահ եկեղեցականաց դասուն եւ հաւատաւոր ժողովուրդին` մաղթելով Մեծի պահոց նուիրական շրջանին ընդառաջ Աստուծոյ զօրակցութիւնը իրենց հաւատի արթնութեան եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի շինութեան համար: