ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՈՒ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ
Այսօր արդէն սկսած է Աւագ շաբաթը։ Սա այն խորհրդաւոր ու նուիրական շրջանն է, որու իւրաքանչիւր փուլին կը բիւրեղանան քրիստոնէական փիլիսոփայութիւնը պայմանաւորած իրադարձութիւնները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը՝ Ծաղկազարդը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին բարձր հովանաւորութեամբ։ Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ մանուկներու օրհնութեան կարգ։ Նորին Սրբութիւնը Մայրավանքի համալիրէն ներս համախմբուած մանուկներուն բաշխեց իր օրհնութիւնը։ Անդաստանի ընթացքին օրհնուած ուռենիի ճիւղերը բաժնուեցան հաւատացեալներուն։
Բերկրաշատ տօնին առթիւ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը Ս. Պատարագի սրբազան արարողութեան մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։ Պատարագիչն էր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մագիստրոսութեան աստիճաններու բաժնի ղեկավար Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Ս. Պատարագի աւարտին, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի զանգակատան առջեւ համախմբուած՝ Հայաստանի զանազան թեմերէն ուխտաւորաբար Մայրավանք հասած շուրջ 600 արցախցիներ ապրեցան հոգեւոր մեծ հրճուանք։ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ դարձեալ մանուկներու օրհնութեան կարգ մը՝ այս անգամ բնորոշ Արցախէն բռնի տեղահանեալ ընտանիքներու զաւակներուն, որոնց ընծայուեցան Աստուածաշունչ մատեաններ, աղօթագիրքեր եւ խաչեր։ Արցախէն գաղթած ընտանիքներուն եւ իրենց զաւակներուն համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանական սեղանատան մէջ կազմակերպուեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն։ Աւելի վերջ Էջմիածնի Հայորդեաց տան մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ համերգ մը՝ նոյնպէս Արցախէն տեղահանեալ ընտանիքներուն եւ անոնց զաւակներուն համար։