ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ծաղկազարդի առթիւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ արարողութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Առաւօտուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան տօնին առթիւ պատարագեց առընթերակայութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը, նաեւ ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց՝ Արթիւր Կէզ եւ Արմէն Շարքլը դպիրներուն։

Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ սարքուեցաւ Պահքի սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Այս փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ձեռաց խաչ մը նուիրեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանին։

Յետմիջօրէին Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց նաեւ Դռնբացէքի հանդիսաւոր արարողութեան, որու ընթացքին իր կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Տեղի ունեցաւ նաեւ հանդիսաւոր Անդաստան։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մանուկներու օրհնութեան կարգին նախագահեց եւ այս փուլին հոգեւոր ուրախութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ Դռնբացէքի արարողութեան ընթացքին ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2024