ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ

Ապրիլի 24-ի առթիւ համայն հայութիւնը երէկ հերթական անգամ վերյիշեց Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակները։ Մեծ եղեռնի 107-րդ տարելիցին աշխարհի չորս ծագերուն, ուր կ՚ապրին հայեր, վերյիշուեցան նահատակները։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն ներս վերյիշուեցան Հայոց սուրբ նահատակները՝ բարեխօսութեան կարգով։ Վեհափառ Հայրապետը ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշահամալիրին մօտ եւ աւելի վերջ անմար կրակին առջեւ հանդիսապետեց Սուրբ Նահատակներու բարեխօսութեան կարգին։ Այս առթիւ յուշահամալիր տարուած էին Սուրբ Նահատակաց մասունքները։

Ապրիլի 24-ի առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ տեղի ունեցան նահատակներու ոգեկոչման արարողութիւններ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանի։ Հաւատացեալներու խոնարհման համար դուրս բերուած էին Սուրբ Նահատակաց մասունքները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցականներու թափօրը, կրելով Սուրբ Նահատակներու մասունքները ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճարի շրջափակի Աղօթքի եւ ուխտի խաչքարը, որու առջեւ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց բարեխօսութեան կարգի։

Հայաստանի պետական աւագանին ալ օրուան տեւողութեան այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Մինչ այդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ Ապրիլի 24-ի առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Կարգախօսներ կրկնելով կարելի չէ հայրենիք կառուցել, անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյութիւնը, վտանգուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը»։

24 Ապրիլի առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրապարակած պատգամին մէջ ալ նշուած է հետեւեալը։

*

Այսօր, համախմբուելով մեր սրբազան տաճարներուն մէջ, մեր քայլերը ուղղելով դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք, դէպի աշխարհասփիւռ համայնքներէ ներս կանգնեցուած խաչքարեր ու յուշակոթողներ, մեր խոնարհումը կը բերենք Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն։ Անոնք զոհ գացին Օսմանեան իշխանութիւններու ցեղասպան ծրագրին իրենց հայրենի բնակավայրերուն մէջ եւ գաղթի ճանապարհներուն՝ մարտիրոսութեամբ վկայելով հաւատարմութիւնը նախնեաց հաւատին, դաւանած արժէքներուն եւ ազատ ու անկախ կեանքի տեսիլքին նկատմամբ։

Եղեռնահար ու հայրենազրկուած մեր ժողովուրդը, առ Աստուած ապաւինութեամբ, կեանք եւ ուժ գտաւ՝ վերընձիւղելու իր անկախ պետականութիւնը պատմական հայրենիքի արեւելեան փոքր հատուածին մէջ եւ շէն ու բարօր կեանք կերտելու իր զաւակներուն ապաստան տուած աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ։

Ցեղասպանութենէն դար մը անց՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ մեր երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, հայրենիքի շուրջ ծաւալուող աշխարհաքաղաքական գործընթացները, Ատրպէյճանի ակրեսիւ ու հայատեաց քաղաքականութիւնը կը փաստեն, որ վերջացած չեն հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի, ի մասնաւորի Արցախի հայորդիներու ապահով ու անվտանգ կեանքի դէմ սպառնալիքները։ Մեր Սուրբ Նահատակներու յիշատակին առջեւ նուիրական մեր պարտքն է համախմբուիլ եւ պաշտպանել Արցախի մեր ժողովուրդի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը, Հայաստան եւ Արցախ մեր աշխարհի անվտանգութիւնը, կանխել Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան բարբարոսաբար ոչնչացումը, որպէսզի չկրկնուի Նախիջեւանէ ներս իրագործուած մշակութային եղեռնը։ Այլեւ նուիրական մեր պարտքն է հետամուտ ըլլալ Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման ու դատապարտման, որպէսզի երբեք նման ոճրագործութիւն տեղ չգտնէ մարդկութեան կեանքէն ներս եւ արդարութիւն իրականացուի ցեղասպանութեան զոհերու եւ ցեղասպանութիւն վերապրած բոլոր ժողովուրդներու նկատմամբ։ Պետական եւ ազգային-եկեղեցական կառոյցներու, բոլորիս յանձնառութիւնը պիտի շարունակէ մնալ միջազգային հարթակներու վրայ բարձրաձայնումը Արցախի մեր ժողովուրդի ոտնահարուող իրաւունքները եւ հայոց արդար դատի ի խնդիր ազգիս արժանապատիւ եւ լուսաւոր կեանքի ու գալիքի։

Մեր աղօթքն է, որ յարուցեալ Տէրը, մեր Սուրբ Նահատակներու բարեխօսութեամբ, խաղաղութիւն պարգեւէ ամբողջ աշխարհին, ապահովութիւն ու բարօրութիւն՝ Հայաստան եւ Արցախ մեր երկրին եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին։ Թող Բարձրեալի ողորմութիւնը, օրհնութիւնն ու խնամքը հովանի ըլլան մեր բոլորիս, այսօր եւ միշտ. ամէն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022