ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանն ու Մարդու իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։

Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան արցախահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղեալ քայլերը։ Այս առումով կարեւորուեցաւ համազգային ներուժի եւ ջանքերու մէկտեղումը՝ ի զօրակցութիւն Արցախի ժողովուրդին։

Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան նաեւ Արցախի պատմամշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ հարցեր, Արցախ-սփիւռք կապերը։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2022