ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՏԵԼՏԵՆ ԳԻՒՂԱՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ «ՀԱՅ ՃԱՄԲԱՐ»
Եւրոպահայութեան տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, Հոլանտայի Տելտեն գիւղաքաղաքին մէջ, ուր առաջին անգամ տեղի ունեցաւ «Հայ ճամբար» նախաձեռնութիւնը։ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի օրհնութեամբ՝ առաջին անգամ Հոլանտայի եւ Պելժիոյ հայկական եկեղեցական համայնքներու համատեղ աշխատանքով համախմբուեցան 10-17 տարեկան հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք իրարու հետ ամբողջ շաբաթավերջ մը անցուցին շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Այս աշխատանքը կեանքի կոչուեցաւ յանձնախումբի մը կողմէ, որու գլուխը կը գտնուէր Սերժ Սրկ. Տեմիրպաճաք։
Ճամբարին մասնակից տղաքը զանազան ծրագիրներու մասնակցեցան՝ ընկերային ժամանցի ձեւաչափին մէջ։ Իսկ կիրակի օրը բոլորը մասնակցութիւն բերին Ս. Պատարագի, զոր մատոյց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նախագահեց արարողութեան, որու ընթացքին նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն տուաւ իր պատգամը։ Ան առանձնապէս ընդգծեց, որ պատանիներն ու երիտասարդները Աստուծոյ ներկայութիւնը պէտք է զգան իրենց մէջ։ «Դուք ալ հաւատալով Քրիստոսին եւ հետեւելով իր օրինակին՝ կրնաք հրաշքներ իրականացնել ձեր կեանքին մէջ», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը ճամբարի մասնակիցներուն ուղղեալ խօսքին մէջ։