ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՄՇԱԿ

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասը շաբաթավերջին համալրուեցաւ երկու նոր երիտասարդ հայրերով։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. Պատարագ, որու ընթացքին կատարեց ձեռնադրութիւն։ Այսպէսով Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւորներէն երկու տիրացու ստացաւ քահանայական օծում։ Նորապսակները վերանուանուեցան՝ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Նորաօծ հայրերու խարտաւիլակներն էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քահանայ Ուզունեան։ Օծումէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց։ Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներկայացուցիչ քահանայ մը։

Շաբաթ օրուան ձեռնադրութենէն վերջ, երէկ յետմիջօրէին նորաօծ աբեղայի վեղարի տուչութեան կարգն ալ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ։

Մեր համայնքի հաւատացեալները կ՚ողջունեն նորաօծ հոգեւոր հայրերը, որոնց ձեռնադրութիւնը կրկնապատկած է շաբաթավերջին Պայծառակերպութեան տօնի հոգեւոր հրճուանքը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022