ՅԱՐԱՏԵՒ ՏԱԳՆԱՊ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս Նիսի տագնապը, դժբախտաբար, կը շարունակուի։ Ամէն անգամ, որ յոյսի նշոյլ մը կ՚ըլլայ, ապա անմիջապէս կը յաջորդէ մեծ յուսախաբութիւն մը։ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ը, «Նիսի Ս. Աստուածածինի վերջին պատարագը» վերնագրին ներքեւ, Նիսի վերջին իրադարձութիւններուն յատկացուցած է՝ 22 օգոստոսի համարի խմբագրականը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Կիրակի, օգոստոս 16-ին Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Հ. Կոմիտաս Վրդ. Յովնանեան պատարագեց եւ հոծ բազմութեան ներկայութեան օրհնեց խաղողը եւ մատաղը Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ։ Զարմանալի արարողութիւն մը, վերջինը, ծուխի մը համար որ 2012-էն մինչեւ 2019, Ֆրանսայի առաքելական ծուխերու ընտանիքէն վտարուածի կարգավիճակ ունէր եւ շուրջ եօթը տարի պարբերաբար փիլոնազուրկ եկեղեցականներով փորձած է հոգեւոր կեանք ապահովել, թէեւ շատ անկանոն կերպով։ Ապրիլ 2019-ին, խորանի վերաօծումով տարի մը եւ չորս ամիս կրցաւ վերագտնել իր պաշտամունքային գործունէութիւնը։ Վերափոխման տօնին պատարագը որքան որ ուրախալի էր, նոյնքան ալ տխուր, որովհետեւ թեմակալ առաջնորդ Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի տնօրինութեամբ վերջինն էր որ կը մատուցուէր, քանի Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութիւնը ցնոր տնօրինութիւն կը մերժէ գործադրել թեմին հետ ապրիլ 2019-ի ստորագրած յուշագրով իր ստանձնած յանձնառութիւնը՝ իր ծխական կանոնադրութիւնը յարմարեցնել թեմի կանոնագրութեան։

2014-ին Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ նշանակուելով, առաջին օրէն՝ Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հետ հաշտութեան եզր գտնելու ցանկութիւն յայտնեց եւ «անառակ» ծուխը առաքելական կարգերը վերադարձնելու գործին նախաձեռնեց, հակառակ Ֆրանսահայ թեմի բազմաթիւ պատասխանատուներու զգուշացումներուն, թէ այդ քայլը անպտուղ մնալու դատապարտուած նախաձեռնութիւն մըն է, նկատի ունենալով իրեն նախորդած թեմի հիմնադիր առաջնորդ Նորվան Սրբազանի, ինչպէս նաեւ այն ժամանակուան Թեմական խորհուրդի անդամներու, տեղւոյն վրայ ծառայած հոգեւոր հովիւներ Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեանի, Հայր Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի եւ Գրիգոր Աբեղայ Խաչատրեանի ջանքերուն փորձառութիւնը։ 

Առանց լրջօրէն քննելու Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ղեկավարներու հակակղերական կեցուածքներն ու յայտարարութիւնները, կրօնական ընկերակցութենէն ներս անոնց աշխարհականապաշտ գաղափարականը եւ այն բոլոր դատական հետապնդումները, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գահակալին հասցէին անոնց անարգական խօսքերը, բանակցութիւններ վարուեցան Վահան Սրբազանին եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետին կողմէ։ Այս բոլոր զգուշացումները ոչ միայն չօգնեցին, այլեւ կարծէք աւելի գրգռեցին Սրբազանին ախորժակը առաւել բուռն կերպով պաշտպանելու իր հաշտութեան առաքելութիւնը, բոլորովին անտեսելով Նիսի Սէն-Ֆիլիփ եկեղեցւոյ մէջ հաստատուած օրինական նոր ծուխին թախանձանքները, հանրային ու գրաւոր բոլոր յայտարարութիւններն ու պահանջները, որոնցմով արդարօրէն կը շեշտուէր հաշտութեան գործընթացին թափանցիկ կերպով հաշուետուութիւնը կատարելու եւ Նիսի նորահաստատ օրինական ծուխի վարչութիւնն ալ բանակցութիւններուն մասնակից դարձնելու նախապայմանը։

Խորքին մէջ, թէեւ 2019-ի Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծումին վիժումին գլխաւոր դերակատարը կը հանդիսանայ Թեմակալ առաջնորդը եւ քննադատութեան սլաքները կ՚ուղղուին անոր դէմ, սակայն, յստակ է որ ան առանձին որոշում չէր կրնար կայացնել։ Անոր բոլոր քայլերը համադրուած են եւ թելադրուած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ, ինչպէս անոր նախորդին՝ Նորվան Սրբազանի պարագային, որ չդիմանալով Կաթողիկոսին ճնշումներուն եւ կարգ մը առիթներով անոր անարգական վերաբերումին, իր հրաժարականը ներկայացուցած էր։ Մէկ խօսքով, Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տագնապը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրօք սկսած տագնապ է։ Եւ պէտք էր այդ էջը փակել Վահան Սրբազանի միջոցով եւ ձեռամբ։ Դժբախտաբար, հաշիւները սխալ ելան, պարզապէս թափանցիկ կերպով ու համակարգուած եղանակով աշխատելու բացակայութեան պատճառով։ Այս կէտը բազմիցս Սէն-Ֆիլիփ եկեղեցւոյ ծուխի վարչութեան ատենապետուհիին նամակներուն մէջ շեշտուած է։ Սակայն, սովետական ժամանակներէ մնացած գործելաոճը՝ վարագոյրի ետին կարգադրութիւնները, վերէն տրուած հրահանգներու գործադրութեան պարտադրանքը դեռ ի զօրու կը մնայ Մայր Աթոռէն ներս։ Եւ ահա արդիւնքը՝ տարի մը առաջ վերաօծուած խորանը նորէ՛ն կը դառնայ թափուր եւ ծուխն ալ կը դառնայ որբ։ 

Եւ նորէ՛ն նոյն հեռացումի, արտաքսումի դիպաշարը, որ կրկնուելու վրայ է 2020-ին, ճիշդ 2012-ին նման, այս անգամ Հայր Կոմիտաս Յովնանեանի տարուան մը հովութենէն ետք։ Պէտք է նշել, որ Հայր Կոմիտաս Մայր Աթոռի դիրքերը պաշտպանող կարկառուն միաբաններէն է։ Շրջան մը վարած է Հայաստանի մէջ Հայորդեաց տուները։ Եղած է Մայր Աթոռի Հայաստանի հեռատեսիլի ալիքներուն վրայ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու եկեղեցւոյ դիրքերը պաշտպանող աշխոյժ խօսնակներէն։ Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին անոր նշանակումը կարեւոր երեւոյթ մըն է։ Բնականաբար այդ նշանակումէն սպասուած արդիւնքներն ալ պէտք է մեծ եղած ըլլային եւ խնդրոյ առարկայ ծուխին՝ թեմին ծոցը վերադարձը ապահովելու յաջողութեան երաշխիք հանդիսանային։ Սակայն, ի զուր։ Ափսո՜ս մսխուած այն ամբողջ ժամանակին եւ բոլոր միջոցներուն, որոնք այսօր երեսի վրայ կը ձգեն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շուրջ խմբուած հաւատացեալներու համայնք մը։ 

Այս բոլորէն գլխաւոր տուժողը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմն է, որուն՝ հիմնադրութենէն ի վեր ստացած հարուածները,- ինչպէս թեմին հիմնադիր առաջնորդին հրաժարականը, Թեմական խորհուրդի եւ թեմական անդամներու, երաժշտապետին եւ այլ անդամներու հրաժարականները,- նուազեցուցած են անոր հեղինակութիւնը։ 

Կիրակի, օգոստոս 16-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցին հաւաքուած էին շուրջ 120 հոգի, որոնք եկած էին վերջին պատարագին մասնակցելու։ Ներկաներուն մէջ զգալի էր Հայաստանի անկախութենէն ասդին Ֆրանսա կայք հաստատած հայրենակիցներուն թիւը, որոնք Հայր Կոմիտասին հանդէպ ունէին յատուկ յարգանք։ Հայր Կոմիտաս կրցած էր զիրենք զօրաշարժի ենթարկել։ Պատարագէն ետք բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան լուսանկարուելու պաստառի մը դիմաց, ուր ֆրանսերէնով գրուած էր՝ «Ո՛չ Հայր Կոմիտասի մեկնումին, ամօ՛թ՝ թեմի սպառնալիքներուն»։ 

Եւ ահա այստեղ է որ ծիծաղելին ու անհեթեթը ձեռք-ձեռքի տուած Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան իսկական դիմագիծը կը գծագրեն։ Ծուխին համայանքային կեանքը կ՚իմաստաւորուի եկեղեցական հոգեւոր արարողութիւններով, որուն կեդրոնական դերակատարն է հոգեւոր հովիւը, որ անդամ է Հայ Առաքելական միաբանութեան, ուր հաստատուած է նուիրապետական կարգ եւ հոգեւոր իշխանութիւն՝ թեմակալ առաջնորդի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հեղինակութեամբ։ Ծուխին վարչութիւնը ցուցադրաբար կ՚ուզէ պահպանել իր հոգեւոր հովիւը, սակայն կը մերժէ թեմին հետ կանոնագրական բնականոն յարաբերութիւնները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020