ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄԸ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Վանաձորի Ս. Գրիգոր Նարեկացի Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Այս առթիւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մխիթարական խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ ուղղուած հոգեւորականաց դասուն, բարեյիշատակ սրբազանի վշտակիր հարազատներուն եւ Գուգարաց թեմի հաւատացեալներուն։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ բարձր գնահատեց շուրջ քառորդ դար Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի կողմէ Գուգարաց թեմէն ներս ձեռնարկուած արդիւնաւէտ գործունէութիւնը՝ որպէս առաջնորդ։ Ան շարունակեց.

«Լուսահոգի սրբազանը իր կարողութիւններն ու փորձառութիւնները ծառայեցուց նաեւ Սուրբ Էջմիածնի շէնութեան ու պայծառութեան, յանձնառութիւններ ստանձնելով Մայր Աթոռի զանազան յանձնախումբերուն մէջ եւ անդամակցելով Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին։ Իր վաստակը մեր եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս մենք գնահատած ենք շնորհելով հոգելոյս սրբազանին արքութեան պատիւ։ Սեպուհ Արք. Չուլճեանի վախճանումով մեր եկեղեցին կորսնցուց իր նուիրեալ ու քաջակորով սպասաւորը։ Սրբազանի մահուան կապակցութեամբ այսօրերուն մենք ցաւակցականներ ստացանք մեր նուիրապետական աթոռներու գահակալներէն՝ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսէն եւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Արք. Մաշալեանէն, թեմակալ առաջնորդներէ, մեր բազմաթիւ հաւատացեալ հայորդիներէ։ Ի խորոց սրտի մեր աղօթքն է բազումողորմ Տէրը ամենառատ իր ողորմութեամբ գթայ հաւատարիմ իր ծառային՝ նորոգ հանգուցեալ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանին եւ երկնային երանական հանգրուաններու մէջ խաղաղութեամբ ընդունի իր լոյս հոգին՝ արժանացնելով փառաց անթառամ պսակին։ Բոլորիս սգակիր սրտերուն մխիթարութիւն թող ըլլան Սեպուհ Սրբազանի աստուածասէր կեանքի բարի յիշատակները»։

Ս. Պատարագի աւարտին հանգուցեալ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի աճիւնը սգոյ թափօրով փոխադրուեցաւ թեմի առաջնորդարանի բակը, ուր, ըստ իր ցանկութեան՝ ամփոփուեցաւ Շուշիի յաղթանակին ձօնուած խաչքարի հարեւանութեամբ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2020