ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոասիոյ միութեան Մանկավարժական համալսարաններու ընկերակցութեան նախագահ Փրոֆ. Ալեքսէյ Լուփքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։ Հարկ է նշել, որ Ալեքսէյ Լուփքով միեւնոյն ժամանակ Մոսկուայի Պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչն է եւ Ռուսաստանի Կրթութեան ակադեմիայի թղթակից անդամ։
Հանդիպման սկիզբին Ռուբէն Միրզախանեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց երկու կրթական հաստատութիւններու միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը եւ ընդլայնման հեռանկարները։
Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց երկու երկիրներու մանկավարժական համալսարաններու միջեւ ձեւաւորուած սերտ կապերը եւ անոնց խորացման ուղղեալ քայլերը։ Վեհափառ Հայրապետը այդ համագործակցութիւնը կարեւորեց երիտասարդ սերունդներու կրթութեան ու դաստիարակութեան տեսանկիւնէն։ Իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը բերելով համալսարաններու ղեկավարներուն՝ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ այդ հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը նոր հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ համալսարանականներուն եւ կը նպաստէ կապերու առաւել արդիւնաւորման։ Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կրթական կառոյցներու եւ Հայաստանի զանազան բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ հանրակրթական դպրոցներու միջեւ հաստատուած է սերտ գործակցութիւն, ինչ որ առիթ կ՚ընձեռէ կրթութեան ու գիտութեան ապագայ մշակներուն՝ ծանօթանալու ազգային-եկեղեցական եւ հոգեւոր արժէքներուն։
Ալեքսէյ Լուփքովն ալ կարեւորեց երկու համալսարաններու համագործակցութիւնը եւ յարաբերութիւններու ապագայ զարգացումը։ Ան Նորին Սրբութեան ներկայացուց ռուս ժողովուրդի կեանքէն ներս Մոսկուայի Պետական մանկավարժական համալսարանի ունեցած դերակատարութիւնն ու ներկայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր ուսումնական հաստատութիւններուն հետ համագործակցութիւնը։
Զրուցակիցները կարեւորեցին երիտասարդ սերունդի հոգեւոր կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, որով ներկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ հնարաւոր է անաղարտ պահել ազգային-հոգեւոր աւանդութիւններն ու բարոյական արժէքները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայ Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական կապերուն եւ սերտ համագործակցութեան զանազան ոլորտներէ ներս։