«ՄԵՆՔ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆՔ ԿԱՌՈՒՑԵԼ ՍԻՐՈՅ ՈՒ ԿԱՐԵԿՑԱՆՔԻ ՄԻՋԱՎԱՅՐ ՄԸ»
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը այս տարի Ս. Ծնունդը կը նշէ՝ իր նոր հոգեւոր առաջնորդի մականին ներքեւ։ Իւրաքանչիւր հասարակութեան տեսակէտէ նոր հոգեւոր առաջնորդ մը ունենալը բացառիկ երջանկութիւն է՝ ինչ որ կը բիւրեղանայ մանաւանդ մեծ տօներու շրջանին։ Արժեւորելով այս պարագան՝ ստորեւ կը ներկայացնենք Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառի Սուրբ Ծննդեան պատգամը։
*
Սրտի մեծ ուրախութեամբ կը գրեմ ձեզի Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան առթիւ, երբ մեր համայնքը եւ քրիստոնեայ աշխարհը կը պատրաստուի ողջունելու սիրոյ այս մեծ խորհուրդը։
Այսօր՝ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը յիշատակելով, մենք կը նշենք երկրի վրայ աստուածային սիրով լեցուն սրտի մը ծնունդը։
Այսօր՝ այն օրն է, երբ Աստուածային Սէրը իւրօրինակ կերպով դրսեւորուեցաւ Յիսուսի Ս. Սրտի ծնունդով, որ մեզ կը հրաւիրէ ապրելու իր կամքին համաձայն՝ ընդունելով հիւրընկալութեան եւ խոնարհութեան արժէքները:
Որպէս Իսթանպուլի մեր սիրելի համայնքի հոգեւոր առաջնորդ՝ նախ կը փափաքիմ անկեղծ մաղթանքներս յայտնել բոլորիդ շնորհքներով լեցուն Սուրբ Ծննդեան եւ 2025 տարւոյն Ամանորի ուրախ առթիւ։
Թող այս նոր տարին ըլլայ տարի մը, ուր մենք կարենանք աւելի կեդրոնացած եւ ամուր համագործակցիլ մեր համայնքի անդամներուն եւ հիմնարկներու հետ եւ արդիւնաբեր ներդրում ունենանք մեր հասարակութեան կենսունակութեան ընթացքին մէջ։
Յոյսով եմ, որ այս նոր տարիով մենք կ՚անցնինք նոր եւ պտղաբեր փուլ: Ս. Ծննդեան մսուրի տեսարանին խոնարհութիւնը մեզի օրինակ թող հանդիսանայ: Այնտեղ, պարզ մսուրի մէջ, մենք կը հանդիպինք հիւրընկալութեան, որ քրիստոնեային հիմնական արժէքներէն մէկն է։ Այս յատկութիւնը ցոյց կու տայ մեզի, թէ ինչպէս կարող ենք բանալու մեր դռներն ու մեր սրտերը բոլոր անոնց համար, որոնք ապաստան կը փնտռեն: Որպէս քրիստոնեաներ մեր պատասխանատուութիւնն է ըլլալ խոնարհութեան ճշմարիտ եւ կենդանի վկաներ: Այս համածիրէն ներս մենք կոչուած ենք կառուցանելու այնպիսի միջավայր մը, ուր սէրն ու կարեկցանքը կը փայլին եւ բոլորս գնահատուած ու սիրուած կը զգանք:
Ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն կը մաղթեմ խաղաղութեամբ եւ Աստուածային սիրով լեցուն Ս. Ծնունդ մը: Թող Յիսուսի Ս. Սիրտը առաջնորդէ մեզ եւ պահպանէ մեր ընտանիքները եւ եկէք միասին կերտենք պայծառ ու խաղաղ տարի մը մեր հասարակութեան, Թուրքիոյ եւ աշխարհի համար:
Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ։