ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, օրուան տօնին առթիւ կատարուեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Մայր Տաճարի Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի Ե. լսարանի տասնմէկ սաներ եւ քահանայից պատրաստութեան լսարանի մէկ շրջանաւարտ արժանացան սարկաւագի ձեռնադրութեան։ Օրուան պատարագիչն էր Սիւնեաց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Եպսկ. Յակոբեան, որ կատարեց նաեւ նոր սարկաւագներու ձեռնադրութիւնը։

Սուրբ Պատարագէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետը վեհարանի մէջ մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց դասու անդամներուն հետ։ Խումբին միացան նաեւ նորընծայ սարկաւագները։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էին Տ. Մակար Եպսկ. Յակոբեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան։

Վեհափառ Հայրապետը օրուան տօնին առթիւ շնորհաւորեց սարկաւագները եւ բացատրեց, որ Սուրբ Ստեփանոսը դարձած է ի սէր Քրիստոսի առաջին մարտիրոսը եւ առ Քրիստոս իր հաւատարմութեամբ ու հաւատքի զօրութեամբ նախանշած է Քրիստոսի եկեղեցւոյ յաղթական ուղին։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024