Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկայ շաբթուան սկիզբին մասնակցեցաւ միջեկեղեցական կարեւոր մամլոյ ասուլիսի մը։ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակէն ներս կազմակերպուած այս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մանրամասնօրէն ներկայացուեցաւ՝ Միջեկեղեցական աղօթքի հսկումը եւ «Together. Աստուծոյ ժողովուրդի հաւատք» խորագրեալ նախաձեռնութիւնը, որ պիտի նախորդէ Եպիսկոպոսներու սինոդի 16-րդ ընդհանուր ժողովին։

Մամլոյ ասուլիսին ժամանակ արտայայտուեցան Լիւքսեմպուրկի Արքեպիսկոպոս, Եպիսկոպոսներու սինոդի 16-րդ ընդհանուր ժողովի աւագ զեկուցող կարտինալ Ժան-Քլոտ Հոլերիշ, «Թեզէ»ի քրիստոնէական վանական համայնքի մեծաւորը՝ Հայր Ալոիս, Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին ներկայացուցիչը՝ Իըն Էրնեսթ Արքեպիսկոպոսը, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Եւրոպայի եկեղեցիներու քոնֆերանսի եւ Ֆրանսայի բողոքականներու դաշնակցութեան նախագահը՝ Քրիստիան Քրիժէր։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ելոյթին մէջ ողջունեց Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի առաջնորդութեամբ եւ օրհնութեամբ սկիզբ առած սինոդի գործընթացի էքիւմենիք ոգին, որ կը համախմբէ Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն բոլոր քրիստոնեայ դաւանանքներու ներկայացուցիչները։ «Մասնակցելով Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած նախապատրաստական զանազան ժողովներու՝ առիթն ունեցայ անձամբ վկայել այս սինոդի ոգիի խոնարհութեան, անկեղծութեան ու բացութեան։ Իրականութեան մէջ սա Վատիկանի Բ. եկեղեցական ժողովի եկեղեցաբանական հեռատեսութեան շարունակութիւնն է։ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիսքոս Պապը, որ այս տեսիլքի աղբիւրն է, իր խոնարհութեան ոգիով օրինակ կը ծառայէ բոլորին՝ ոգեշնչելով եւ քաջալերելով համատեղ միասնութեան հասնիլը», եզրափակեց նորին սրբազնութիւնը։

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու, Հռոմի թեմի, քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ համայնքներու ղեկավարներ կամ ներկայացուցիչներ։

Կը նախատեսուի, որ Միջեկեղեցական աղօթքի հսկումը տեղի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբերի 30-ին, Սրբազան Պապի նախագահութեամբ։ Սա պիտի կրէ երիտասարդական հաւաքի մը բնոյթը, որովհետեւ ներգրաւուած պիտի ըլլան ամբողջ աշխարհէն 18-35 տարեկան զանազան քրիստոնեայ եկեղեցիներու եւ դաւանանքներու հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներ։ Նախատեսուած Եպիսկոպոսական սինոդը տեղի պիտի ունենայ երկու փուլով. առաջին՝ 4-29 հոկտեմբերին, իսկ երկրորդը՝ 2024 թուականի հոկտեմբերին։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023