ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, յետ երկարատեւ վերանորոգութեան, յառաջիկայ աշնան՝ սեպտեմբերի 28-29-ին պիտի վերաօծուի ու ի վերջոյ պիտի վերաբացուի պաշտամունքի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը շաբաթավերջին թողարկեց ԳՀԽ-ի նստաշրջանի եզրափակիչ յայտարարութիւնը։
Ընդլայնուած կազմով նստաշրջանէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ նշուեցաւ, որ Վեհափառ Հայրապետի ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքէն յետոյ ժողովները վարելու հրաուիրուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ իրադարձութիւններու, երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու, Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, բռնի տեղահանեալներուն ուղղուած ընկերային աջակցութեան եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս եկան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան վարչական խորհուրդի ատենապետ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, ինչպէս նաեւ Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան։
Քննարկման ընթացքին ԳՀԽ դատապարտելի նկատեց հրադադարի պայմաններուն ներքեւ Ատրպէյճանի անթաքոյց ծաւալապաշտական նկրտումները, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու դէմ շարունակական զինեալ ոտնձգութիւնները եւ թշնամանքի ու հայատեացութեան քարոզչութիւնը։ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներու յաղթահարման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ ԳՀԽ կենսական եւ կարեւոր համարեց համազգային միաբանութիւնը, ազգային կառոյցներու ներուժի արդիւնաւէտ կեդրոնացումը, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու առողջացումն ու գործակցութեան պատշաճ կազմակերպումը։ Ժողովականները նաեւ աղօթք բարձրացուցին՝ օրեր առաջ Սիւնիքի Ներքին Հանդ գիւղի հայկական դիրքերուն վրայ կատարուած յարձակման հետեւանքով նահատակուած զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան եւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար։
Անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրուած Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան թիրախաւորման եւ իւրացման քաղաքականութեան, պատմամշակութային արժէքներու, պատմական սրբատեղիներու եւ շիրիմներու պղծման ու ոչնչացման դէպքերուն։ ԳՀԽ կարեւորեց Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի հետեւողական ջանքերը՝ միջազգային հանրութիւնը իրազեկելու համար Արցախի յուշարձաններուն դէմ յանդիման մնացած վտանգներուն մասին։
Տեղեկացուեցաւ նաեւ, որ ձեռնարկուած ընկերային ծրագրերու շրջանակներէն ներս անցեալ ամիսներուն Եկեղեցին կեցութեան պայմաններով ապահոված եւ նիւթական աջակցութիւն տրամադրած է Արցախէն բռնի տեղահանուած բազում հայերու, մասնաւորապէս ուշադրութեան կեդրոնին եղած են նահատակներու եւ չորս ու աւելի անչափահաս երեխաներու տէր ընտանիքները։ Ընդգծուեցաւ ընկերային ծրագրերու շարունակականութիւնը ապահովելու համար նոր միջոցներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։
Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն եւ հանրակրթութեան ոլորտի մէջ ձեռնարկուած բարեփոխումներուն մասին զեկոյցներ ներկայացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան։
Արձանագրուեցաւ, որ Եկեղեցի-պետութիւն ոչ-բնականոն յարաբերութիւններու պատճառով լուծման կարօտ մնացած են ազգային-հոգեւոր նշանակութեամբ շարք մը առանցքային հիմնախնդիրներ՝ առընչուած օրէնսդրական, կրթական, մշակութային, սրբավայրերու պահպանութեան կարեւորագոյն ոլորտներուն։
Ժողովականները մտահոգութիւն յայտնեցին, որ հանրակրթութեան ոլորտէ ներս իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան հետեւանքով հարուածի տակ յայտնուած են հայագիտական առարկաները՝ մասնաւորապէս կոպտագոյն սխալներով, բացթողումներով եւ կամայական մօտեցումներով աղճատուած եւ ձեւախեղուած է Հայոց պատմութեան առարկայի բովանդակութիւնը։ Վերահաստատելով իր դիրքորոշումը՝ ԳՀԽ հասաւ այն եզրակացութեան, որ օրինական բոլոր ճանապարհներով պէտք է հանրակրթութիւնը զերծ պահել ինչպէս հայագիտական, այնպէս ալ հակազգային հոսանքներու եւ գաղափարներու ազդեցութենէն։
Նստաշրջանի ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ նոր սահմանադրութիւն մը ընդունելու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու մտադրութեան։ Ընդգծելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հիմքը կը կազմեն ազգային-հոգեւոր կեանքի խորհրդանշանները, հայ ժողովուրդի նուիրական անցեալի յիշատակներն ու իրադարձութիւնները եւ անոր ազգային իղձերն ու ձգտումները՝ ժողովականները անթոյլատրելի համարեցին այդ արժէքներու որեւէ նսեմացում կամ անտեսում հանրային քննարկումներու մէջ, առաւել եւս նոր սահմանադրութեան մը ընդունման համատեսքին մէջ։
ԳՀԽ տարակուսելի համարեց նոր սահմանադրութիւն մը ընդունելու նախաձեռնութիւնը՝ յատկապէս, երբ հանրային ստուար շրջանակներու մէջ այդ մէկը կ՚ընկալուի նաեւ որպէս հետեւանք արտաքին հարկադրանքի։ Արձանագրուեցաւ, որ նոր սահմանադրութեան մը ընդունման վերաբերեալ Հայաստանի բարձրաստիճան զանազան պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի խօսոյթը միայն կը խորացնէ առկայ կասկածները։
Քննութեան առնելով «Ընտանիքի մէջ բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքի մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքի մէջ համերաշխութեան վերականգնման մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուած փոփոխութիւնները՝ ԳՀԽ խիստ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ օրէնքին մէջ առաջարկուած յաւելումները պէտք չէ հակասեն մեր ժողովուրդի՝ ընտանիքի նուիրական պատկերացումներուն եւ քրիստոնէական ընկալումներուն, նաեւ պէտք չէ տեղի տան մերժելի տարընկալումներու։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան ընթացքին ու վերաօծման, ինչպէս նաեւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւններու կազմակերպման աշխատանքներուն վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս եկան Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։
Ժողովականները նաեւ այցելեցին Մայր Տաճար եւ ծանօթացան հիմնանորոգութեան ընթացքին։ Ողջունելով կատարուած աշխատանքները՝ ԳՀԽ-ի անդամները արձանագրեցին, որ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան աշխատանքները աւարտական փուլի մէջ են։ Որոշուեցաւ Մայր Տաճարի վերաօծման եւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնները կազմակերպել այս տարուան սեպտեմբերի 28-29-ին՝ Սուրբ Գէորգ զօրավարի եւ Վարագայ խաչի տօներուն։ ԳՀԽ թելադրեց Մայր Տաճարի վերաօծման, Միւռոնօրհնութեան եւ յարակից միջոցառումներու համակարգող յանձնախումբին իրականացնել տաճարի վերաօծման եւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւններու կազմակերպչական աշխատանքները։
Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2023 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը, ելմտական տարեկան հաշուետուութիւնը եւ Վերստուգիչ յանձնախումբի զեկոյցը։ Ներկայացուեցան նախորդ տարի Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի համայնքներէն ներս իրականացուած հոգեւոր-քարոզչական, մշակութային, կրթական եւ ընկերային բնոյթով ծրագրերը։
Քննարկման առարկայ դարձան նաեւ նուիրապետական աթոռներու, թեմերու գործունէութեան, եկեղեցավարչական, կանոնական, իրաւական, կրթադաստիարակչական ոլորտներուն վերաբերեալ տարաբնոյթ այլ հարցեր։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանը աւարտեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։