ՊԱՏԳԱՄ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ
«Այլ շնորհք Աստուծոյ, որ ետ մեզ զյաղթութիւն ի ձեռն
Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի» (Ա. Կորնթ. ԺԵ. 57)։
Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ,
Քրիստոնեայի կեանքին մէջ ճառագայթող մեծագոյն յաղթանակը Յարութեան շունչն է, որն յեղաշրջեց մարդկութիւնը եւ նոյն մարդուն հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ հաստատեց վերստին կենդանութեան հաւատքն ու տեսիլքը։ Յարութեան շունչին առաջնորդութեամբ մարդը իր մէջ վերագտաւ Աստուծոյ պատկերը, որն հետզհետէ աղօտուած ու տկարացած էր մեղքին ծանրութեան տակ։ Եւ ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ իր Կորնթացիներուն ուղղուած նամակին մէջ. «Այլ շնորհք Աստուծոյ, որ ետ մեզ զյաղթութիւն ի ձեռն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի»։
Մեծ պահքի քառասնօրեայ աղօթքի ու պահեցողութեան ճանապարհորդութենէն յետոյ հոգեւորապէս ամրացած եւ Աւագ շաբթուան գունագեղ պատկերով ներշնչուած, մեր էութեան մէջ առաւել պայծառատես աչքերով կ՚ապրինք Քրիստոսի ներկայութիւնը, որուն Յարութեան խորհուրդին ի տես կը վկայենք նաեւ մենք Իւղաբեր Կանանց հետ մեղքին վրայ տարուած յաղթանակը եւ մարդկութեան առջեւ բացուած ճանապարհը լոյսի։
«Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց»
«Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»
Յայտարարել Քրիստոսի Յարութիւնը կը նշանակէ զայն դարձնել պատկերն ու հայելին մեր կեանքին։ Եւ ինչքան հաւատքով կը կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնը Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին վրայ, ապա այնքան կը մօտենանք ու կը միանանք Քրիստոսի եւ կը դառնանք նմանակից Անոր կեանքին։ Կը նշանակէ, թէ երբ կը հետեւինք Քրիստոսի կենդանի պատկերին աղօթքով ու երկիւղածութեամբ, ապա մեր մէջ կը դադրի մեղքն ու Աստուծմէ օտարացած մարդը։ Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով լեցուած մարդը, երբ իր կեանքի ընթացքը կը հաստատէ ուղիղ, արդար, ճշմարիտ, աստուածանուէր ու մարդասէր ուղիին վրայ, այդպիսին արդէն գործնապէս կը տօնախմբէ Քրիստոսի Յարութիւնը։
Մարդը, անտարակոյս, իր էութեամբ տկար արարած մըն է եւ սակայն եթէ հոգեւոր էակ մըն ենք, ապա մեր մէջ կրնանք ջերմացնել փափաքն ու ներքին մղումը բարձրանալու առ Աստուած, որը պայմանաւորուած է միայն ու միայն պայծառակերպ կեանքի ընթացքով մը։
Հաւատաւոր ժողովուրդ, նայեցէք Քրիստոսի կեանքի ճանապարհին ու Անոր խօսքերուն մէջ մկրտեցէք ձեր կեանքը, որպէսզի դառնանք նոր ի Քրիստոս։
Քրիստոսի Աւետարանը արդարեւ կեանքի գիրքն է, տարբեր միւս բոլոր գիրքերէն ու գէթ ի վեր մարդկային այն ըմբռնումներէն, որոնց արմատը Աստուծոյ սէրն ու իմաստութիւնը չէ։ Քրիստոսի Աւետարանը մարդուն կը շնորհէ յաղթութիւն եւ առաւել կեանք, որուն գիտակցութիւնը կ՚արմատանայ մեր մէջ, մանաւանդ Զատկուան Ս. Պատարագին, երբ բոլորով հոգեւին հրճուած կը յայտարարենք.
«Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց»
«Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»
Հայ քրիստոնեայ հաւատացեալին համար Զատիկը, Ս. Յարութեան տօնը՝ տօնն է նաեւ մեր յաղթանակած կեանքին, որուն գրաւականն է մեր հաւատքը։ Մեր ազգի կեանքին ու պատմութեան ճանապարհը նման է Քրիստոսի կեանքին Գողգոթայի ճանապարհին։
Նման է նաեւ մեր ազգի կեանքի ճանապարհը Քրիստոսի կեանքին։ Նման այն առումով, որ եթէ Քրիստոս խաչի ճանապարհի աւարտին յաղթեց աշխարհին, ապա մեր նախնիք նոյնպէս վերապրեցան կեանքը մեր մէջ։ Ուրեմն ինչքան պատասխանատուութիւն կը վստահուի մեզի, որպէսզի դառնանք հարազատ ժառանգորդները մեր դարաւոր Սուրբ Եկեղեցիին, Մայր Հայաստանին, հայ արժէքներուն, հայ դպրոցին ու հայ ընտանիքի սրբութեան, որպէսզի մեր ձեռքերով կերտենք վաղուան արշալոյսը եւ դառնանք ճարտարապետները անմահութեան։
Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդովը շաղախենք մեր հոգեւոր էութեանը ողջ ծալքերը, որպէսզի փառաւորուի Աստուած եւ հրաշակերտուի մեր կեանքը։
«Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց»
«Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։ Ամէն։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ