ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին պատգամը՝ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ։ 

Յա­նուն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ. ա­մէն։ 
«Յա­րեար ի մե­ռե­լոց Քրիս­տոս,
Այ­սօր զդոժխս ա­ւե­րեալ,
Եւ կեն­դա­նու­թիւն պար­գե­ւե­ցեր
Ա­րա­րա­ծոց քո­յով յա­րու­թեամբդ»
(Շա­րա­կան)։

­Սի­րե­լի հա­ւա­տա­ւոր զա­ւակ­ներ Մեր ի Հա­յաս­տան, յԱր­ցախ եւ ի Սփիւռս, այ­սօր՝ Սուրբ Յա­րու­թեան բերկ­րա­լի տօ­նին, շա­րա­կա­նագ­րի խօս­քե­րով կը փա­ռա­բա­նենք մեր Տի­րոջն ու Փրկչին, որ յա­րու­թիւն ա­ռաւ մե­ռեալ­նե­րէն, ա­ւե­րեց դժոխ­քը եւ Իր Յա­րու­թեամբ ա­րա­րած­նե­րուն կեն­դա­նու­թիւն պար­գե­ւեց։

Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը մա­հուան խա­ւա­րի մէջ ծա­գե­ցուց լոյ­սը յա­ւի­տե­նու­թեան, մար­դոց պար­գե­ւեց երկն­քի ար­քա­յու­թեան ե­րա­նու­թիւ­նը, շնոր­հը՝ յա­րու­ցեալ կեան­քի այս աշ­խար­հին եւ հան­դեր­ձեա­լին մէջ։ Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեամբ նոր ա­րար­չու­թիւն է, նոր մարդ­կու­թիւն, որ մեղ­քի եւ մա­հուան նզով­քէն ա­զատ՝ շնոր­հի մէջ է Աս­տուծ­մով ապ­րե­լու եւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի ար­ժա­նա­նա­լու։ Ա­ռա­քեա­լի խօս­քի հա­մա­ձայն՝ «հինն ան­ցաւ, եւ հի­մա ա­մէն ինչ նոր ե­ղաւ» (Բ Կոր. Ե 17), քան­զի Աս­տու­ծոյ Միա­ծին Որ­դին, Փրկիչ մեր Տէ­րը «կոր­ծա­նեց մա­հը եւ լու­սա­ւոր դար­ձուց կեանքն ու ան­մա­հու­թիւ­նը Ա­ւե­տա­րա­նի մի­ջո­ցաւ» (Բ Տիմ. Ա 17)։ Ք­րիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րա­նը յա­րու­թեան Ա­ւե­տա­րանն է, յա­ւի­տե­նու­թեան Ա­ւե­տա­րանն է, կեան­քի Ա­ւե­տա­րանն է, ո­րու մի­ջո­ցաւ մե­զի հա­սու է Աս­տու­ծոյ ան­սահ­ման սի­րոյ ի­մա­ցու­թիւ­նը, հո­գի­նե­րը կեն­դա­նաց­նող տէ­րու­նա­կան ձայ­նը, Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան ճշմար­տու­թեան։

Այ­սօր Տի­րոջ հրա­շա­փառ Յա­րու­թեան խոր­հուր­դի առ­ջեւ բնա­կա­նօ­րէն կը բարձ­րա­նայ հար­ցը՝ որ­քա­նո՞վ կ՚ապ­րինք Քրիս­տո­սով նո­րո­գուած կեան­քով, կ՚ըն­թա­նանք Փրկչի խօս­քի եւ պա­տուի­րան­նե­րուն հա­մա­ձայն։ Ի՞ն­չը կը կա­րե­ւո­րենք մեր կեան­քին մէջ՝ յա­րու­թեան Ա­ւե­տա­րա՞­նը, թէ՞ մո­լար վար­դա­պե­տու­թիւն­ներ եւ խա­բե­պա­տիր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­ներ, Տի­րոջ կամ­քին հե­տե­ւի՞­լը, թէ՞ մեղ­սա­կո­րոյս, կեն­սա­կոր­ծան ճա­նա­պարհ­նե­րը, եր­կին­քի մէջ գան­ձեր դի­զե՞­լը, թէ՞ շա­հա­տեն­չու­թիւ­նը, հո­գե­ւոր ա­զա­տու­թի՞ւ­նը, թէ՞ սան­ձար­ձա­կու­թիւ­նը, ազ­նուու­թիւնն ու ուղ­ղամ­տու­թի՞ւ­նը, թէ՞ պի­ղա­տո­սեան թուա­ցեալ ար­դա­րու­թիւ­նը, կը նա­խընտ­րենք Յի­սո՞ւ­սը, թէ՞ ա­ւա­զակ Բա­րաբ­բան։

Գի­տու­թեան, կրթու­թեան ա­նօ­րի­նակ յա­ռա­ջըն­թա­ցին հետ մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն ա­կա­նա­տես ենք նաեւ ա­ւան­դա­կան ար­ժե­հա­մա­կար­գի փլուզ­ման, մար­դու բա­րո­յա­կան անկ­ման եւ հո­գե­ւոր սնան­կաց­ման ե­րե­ւոյթ­նե­րու։ Կեան­քի յար­մա­րա­ւէ­տու­թեան, ա­րա­գա­հա­սու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու պայ­ման­նե­րուն մէջ նոյ­նիսկ՝ մար­դիկ, նոյ­նիսկ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ՝ կ՚օ­տա­րա­նան ի­րա­րու։ Բա­րիք­նե­րու ա­ռա­տու­թեան մէջ ոչ թէ կա­րիքն ու թշուա­ռու­թիւ­նը կը վե­րա­նան, այլ կը խո­րա­նայ հա­սա­րա­կու­թեան բե­ւե­ռա­ցու­մը։ Փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջըն­թա­ցը կեան­քի դիւ­րու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծե­լու հետ կը յան­գեց­նէ նաեւ նոր հնարք­նե­րով ըն­թա­ցող պա­տե­րազմ­նե­րու եւ ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք շա­րու­նա­կա­բար կը ցնցեն մեր աշ­խար­հը՝ դառ­նա­լով հա­մընդ­հա­նուր սպառ­նա­լիք մարդ­կու­թեան հա­մար։ Նման ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ եւ մշտա­պէս հարկ է անդ­րա­դառ­նալ եւ բարձ­րա­ձայ­նել աս­տուա­ծա­յին ար­դա­րու­թեան եւ հա­տուց­ման մա­սին այս աշ­խար­հի եւ հան­դեր­ձեա­լին մէջ, ինչ որ վե­րա­հաս է բո­լոր ան­հատ­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, քրիս­տո­սաշ­նորհ յա­րու­թիւ­նը միայն պար­գեւ չէ, այ­լեւ՝ դա­տաս­տան, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ւե­տա­րա­նը. «Կու գայ ժա­մա­նակ երբ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք գե­րեզ­ման­նե­րու մէջ են, կը լսեն Ա­նոր ձայ­նը եւ դուրս կու գան. ա­նոնք, ո­րոնք բա­րի գոր­ծեր ը­րած են՝ կեան­քի յա­րու­թեան հա­մար, իսկ ա­նոնք, ո­րոնք չար գոր­ծեր ը­րած են՝ դա­տաս­տա­նի յա­րու­թեան հա­մար» (Յովհ. Ե 28-29)։ Յա­րու­թեան, կեան­քի ճա­նա­պար­հը հրա­ժա­րումն է այն բո­լո­րէն, ինչ որ մեղ­քին գե­րի կը դարձ­նէ, քան­զի «մեղ­քի վար­ձը մահն է, իսկ Աս­տու­ծոյ շնոր­հը՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեանք» (Հռոմ. Զ 23)։ Այս ի­մաս­տով ա­ռա­քեա­լը կը կա­րե­ւո­րէ երկ­նա­յի­նը հագ­նի­լը, «որ­պէս­զի ինչ որ մահ­կա­նա­ցու է, կլա­նուի կեան­քէն» (Բ Կոր. Ե 4)։ Մա­հը կլա­նող կեան­քը սա կեանքն է հո­գե­ւոր լիու­թեան, ձգտումն ու ջան­քը՝ մտքով, սրտով, հո­գիի ամ­բողջ զօ­րու­թեամբ Աս­տուծ­մով ապ­րե­լու, ապ­րե­լու Ա­ւե­տա­րա­նի պատ­գամ­նե­րով, ո­րոնք յա­րու­ցեալ կեան­քի ու­ժը կը նե­րառ­կեն Քրիս­տո­սին ա­պա­ւի­նած ան­ձե­րուն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն։

Տագ­նապ­նե­րով ու ցնցում­նե­րով լի աշ­խար­հը, նաեւ մեր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ նոյն­պէս բազ­մա­հոգ է դժուա­րու­թիւն­նե­րով ու խնդիր­նե­րով, կրնան վե­րա­փո­խուիլ քրիս­տո­սաշ­նորհ լիու­թեան հո­գե­ւոր կեան­քով, յաղ­թա­հա­րե­լով մարդ­կա­յին ցա­ւերն ու ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը եւ ա­մէ­նուր հաս­տա­տե­լով հիմ­քե­րը ա­պա­հո­վու­թեան ու բա­րօ­րու­թեան։ Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը մշտա­հունչ հրա­ւէր է, որ աշ­խարհ վեր յառ­նէ մեղ­քէն դէ­պի շնորհ, եւ ա­մե­նայն մա­հաս­փիւռ, ա­ւե­րիչ ի­րո­ղու­թիւն կլա­նուի Աս­տուծ­մով ապ­րող եւ ա­ռաջ­նոր­դուող կեան­քէն։ Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը հիմքն ու հաս­տա­տու­թիւնն է հա­ւատ­քի, որ կը լու­սա­ւո­րէ մար­դոց սրտե­րը, նե­ղու­թիւն­նե­րու յոր­ձա­նու­տին մէջ կը շնոր­հէ յոյս ու մխի­թա­րու­թիւն, տա­ռա­պանք­նե­րու գող­գո­թա­նե­րուն՝ յառ­նե­լու ուժ եւ զօ­րու­թիւն, կը պար­գե­ւէ խրոխտ ու ա­րիա­սիրտ ո­գի՝ ար­դար մարտն­չում­նե­րուն, նուի­րու­մի ո­գե­կո­չում, բերկ­րանք ու խնդու­թիւն՝ ապ­րե­լու եւ ա­րա­րե­լու։ Այս ո­գին ու ըն­թաց­քը հա­րա­զատ են եւ բնո­րոշ մեր ժո­ղո­վուր­դին, մեր կեան­քին ու պատ­մու­թեան եւ կը լու­սա­ւո­րեն մեր ներ­կան ու ա­պա­գան։ Վեր յառ­նե­լու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ չընկր­կե­լու, նոր կեանք կեր­տե­լու վկա­յու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դը բե­րաւ վե­րա­հաս­տա­տե­լով մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րու 25-ա­մեայ տա­րե­դարձն է այս տա­րի։ Մեր հայ­րե­նի­քի զօ­րաց­ման, հա­մազ­գա­յին մեր կեան­քի շի­նու­թեան ու պայ­ծա­ռու­թեան ուղ­ղուած մեր ջան­քե­րուն մէջ եւ այ­սօր ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ, սի­րե­լի­ներ, Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան հա­ւատքն ու լոյ­սը ու­նինք մեզ ա­ռաջ­նոր­դող, արդ, մեր կեան­քը լեց­նենք մեր Տի­րոջ սի­րով, ի­րա­րու զօ­րակ­ցու­թեամբ, ա­ւե­տիս­նե­րով բա­րի գոր­ծե­րու։ Զատ­կա­կան խոր­հուր­դով այ­սօր մեր հո­գի­նե­րուն կը շո­ղայ քրիս­տո­սա­պար­գեւ յա­րու­թեան երկ­նա­յին շնոր­հը, որ կը դրո­շմուի մեր կեան­քին, երբ կ՚ապ­րինք հա­ւատ­քով ու քրիս­տո­նէա­կան ար­ժէք­նե­րով, մեր մեր­ձա­ւոր­նե­րու, մեր ժո­ղո­վուր­դի, հա­յրե­նի­քի ու մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար։ Միած­նաէջ այս Սուրբ Տա­ճա­րին մէջ կ՚ա­ղօ­թենք եւ կը մաղ­թենք, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­մէն զա­ւակ Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը ըն­դու­նի նո­րո­գուած հա­ւատ­քով, եւ մենք՝ իբ­րեւ ազգ, առ Քրիս­տոս մեր Տէ­րը սի­րով, մեր ար­դար ու ար­ժա­նա­ւոր գոր­ծե­րով միշտ ըն­թա­նանք յա­ռա­ջըն­թա­ցի ու­ղիով՝ մեր շուր­թե­րուն ու­նե­նա­լով մշտա­հունչ փա­ռա­բա­նու­թիւ­նը.

«Յա­րեար ի մե­ռե­լոց Քրիս­տոս,
Այ­սօր զդոժխս ա­ւե­րեալ,
Եւ կեն­դա­նու­թիւն պար­գե­ւե­ցեր
Ա­րա­րա­ծոց քո­յով յա­րու­թեամբդ»։

Ք­րիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեան տօ­նի ու­րա­խու­թիւ­նը մեր սրտին մէջ ող­ջոյն կը յղենք Ա­ռա­քե­լա­կան մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ Նուի­րա­պե­տա­կան Ա­թոռ­նե­րու Գա­հա­կալ­նե­րուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սին, Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Ա­մեն. Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նին, Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Ա­մեն. Տ. Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեա­նին եւ մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ ուխ­տա­պահ ողջ հո­գե­ւոր դա­սուն։

Ի Քրիս­տոս սի­րով կ՚ող­ջու­նենք Քոյր Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր Պե­տե­րը Յա­րու­ցեալ Քրիս­տո­սի երկ­նա­հեղ բիւր շնորհ­նե­րը հայ­ցե­լով Տի­րախ­նամ ա­նոնց հօ­տին։

Սուրբ Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սով Մեր ող­ջոյնն ու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը կը բե­րենք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Տիար Սերժ Սարգ­սեա­նին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Տիար Բա­կօ Սա­հա­կեա­նին, հա­յոց պե­տա­կան ամ­բողջ ա­ւա­գա­նիին, Հա­յաս­տա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն ու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Մեր սէրն ու օրհ­նու­թիւ­նը կը բե­րենք հա­մայն մեր ժո­ղո­վուր­դին ի հայ­րե­նիս եւ ի սփիւռս աշ­խար­հի։

Զատ­կա­կան այս յու­սա­ռատ եւ շնոր­հա­բեր օ­րով Մեր հայցն է, որ յա­րու­ցեալ Քրիս­տո­սի շնորհ­նե­րը տա­րա­ծեալ ըլ­լան հա­մայն աշ­խար­հի մէջ եւ հայ­րե­նի մեր երկ­րին մէջ, ա­մէ­նուր տի­րէ խա­ղա­ղու­թիւն, եւ մարդ­կու­թիւ­նը՝ վեր յառ­նած ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու, վշտե­րու ու նե­ղու­թիւն­նե­րու ան­ձաւ­նե­րէն, յո­յով ու հա­ւա­տով կեր­տէ իր կեան­քը՝ լի սի­րով, եղ­բայ­րու­թեամբ ու հա­մե­րաշ­խու­թեամբ։

Թող սէ­րը մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի եւ ո­ղոր­մու­թիւնն Աս­տու­ծոյ ըլ­լան մե­զի հետ եւ ա­մէն­քի, այ­սօր եւ միշտ եւ յա­ւի­տեանս, ա­մէն։

Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց,

Օրհ­նեալ է Յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սի։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016