ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Դամասկոսի խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղերավար Լիւսի Իսքանեանը եւ ընկերակիցները, որոնք Երեւան այցելեցին 24 Ապրիլի ոգեկոչումներուն համար։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց դէպի Սուրիա իր հանդիպումները եւ ուրախութեամբ հաստատեց, որ Դամասկոսի իշխանութիւնները հոգատար վերաբերմունք ցոյց կու տան երկրի հայ համայնքին նկատմամբ։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր համարեց Հայաստան-Սուրիա կապերու սերտացումը եւ համագործակցութեան զարգացումը եւ այդ ուղղութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ համայնքներու դերակատարութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն, սրբավայրերու ու խաչքարերու պղծման եւ ոգեկոչման դէպքերուն։ Խօսելով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ժողովուրդի խաղաղ ու անկախ ապրելու իրաւունքին դէմ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն եւ յետպատերազմեան մարտահրաւէրներուն մասին՝ Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց, թէ հայ ժողովուրդը իր մէջ ուժ պիտի գտնէ յաղթահարելու համար առկայ դժուարութիւնները։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022