ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐՀԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարհաց գիւտի տօնին եւ Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Արարողութեանց մասնակեցան Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ներկայ եղան նաեւ Լեւոն Շատեանի գլխաւորած Կղզեաց թաղային խորհուրդի անդամները։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ հայր սուրբին։ Ս. Պատարագի աւարտին հայր սուրբը քարոզեց «Ես եմ բարի հովիւը» բնաբանով։
Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։