ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Փասատենայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխի հաւատացեալները այս օրերուն ուխտագնացութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Հայաստան՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Պետրոսեանի։ Ուխտագնացութեան ծիրէն ներս բոլորին համար առանձնապէս տպաւորիչ էր Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան արժանանալը։ Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունեց ուխտաւորները ու շեշտեց, որ աշխարհասփիւռ հայոց թեմերէն նման ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Արդարեւ, սա հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ուխտի վերանորոգման, ինչպէս նաեւ հաղորդ դառնալու Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրներուն, երբ հայ ժողովուրդը ծանր օրեր կը դիմագրաւէ։

Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն պատգամեց՝ զօրանալ առ Աստուած հաւատքով, կրթել ու դաստիարակել իրենց զաւակները Աստուածպաշտութեամբ, եկեղեցասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2024