ԱՌԱՔԵԱԼ ԵՐԿՆԱՒՈՐ ՇՆՈՐՀԱՑՆ
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ Վատիկանի մէջ նախատեսուած էքիւմենիք ձեռնարկներու ժամանակացոյցը երէկ արդէն պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ։ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու համատեղ այս նախաձեռնութիւնը կեանքի պիտի կոչուի՝ «Առաքեալ երկնաւոր շնորհացն» կարգախօսով։ 1102-1173 թուականներուն ապրած Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի այս տարուան օրացոյցին վրայ։ Իսկ Հռոմի եռօրեայ նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի 30 նոյեմբեր-2 դեկտեմբեր թուականներուն։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան կողմէ երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ շեշտուած է, որ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը քրիստոնէական երաժշտութեան ու գրականութեան մէջ գերազանց կերպար մըն է։ Արեւելքի քրիստոնէութեան յառաջատար աստուածաբաններէն մին է ան եւ կը դասուի եկեղեցւոյ այն հայրապետներուն շարքին, որոնք միջազգայնօրէն դիրք գրաւած են համաքրիստոնէական, միջեկեղեցական երկխօսութիւններու համար։ Թէեւ համաշխարհային քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը յարաբերաբար նուազ ծանօթ կը համարուի, սակայն եղած է ահռելի ազդեցիկ գործիչ մը։ Անոր մարդասիրական, խաղաղասէր մօտեցումները օրինակ եղած են իր ժամանակներու հակասութիւններուն շուրջ արդիւնաւէտ դիւանագիտութեան ու կենսական դասեր կը պարունակեն մերօրեայ կրօնական ու ազգային հակամարտութիւններուն տեսակէտէ։ Քրիստոնէական պատմութեան մէջ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի ունեցած մեծ աւանդի լոյսին տակ՝ Վատիկանի Սուրբ Աթոռը ձեռնամուխ եղած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ կազմակերպել ոգեկոչման ձեռնարկներու շարք մը։ Ուրեմն, «Առաքեալ երկնաւոր շնորհացն. Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-րդ տարելից» խորագրեալ յիշատակութեան ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ փուլերով։
- Միջազգային երկօրեայ գիտաժողով, 30 նոյեմբեր-1 դեկտեմբեր թուականներուն, Հռոմի Արեւելագիտութեան քահանայապետական կաճառին մէջ, ուր քննարկումներ պիտի ծաւալուին մեծանուն Հայրապետին թողած բազմաշերտ ժառանգութեան մասին։ Զեկուցումներով հանդէս պիտի գան տարբեր ծագումով յառաջատար գիտնականներ եւ եկեղեցականներ։ Գիտաժողովին պիտի հետեւին բարձրաստիճան եկեղեցականներ եւ ամբողջ աշխարհէն նշանաւոր գիտնականներ, ոլորտի հեղինակաւոր մասնագէտներ։
- Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի շարականներու եւ երաժշտութեան երկու համերգ։ Առաջինը՝ 1 դեկտեմբերին, Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճիորէ տաճարին մէջ հանրային ձեռնարկ մը։ Երկրորդը՝ 2 դեկտեմբերին, փակ ձեռնարկ մը Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ։ Այս երկու համերգներով համաշխարհային լսարանին պիտի ներկայացուին Շնորհալիի հոգեւոր երաժշտութեան ժառանգութիւնը։ Այս համերգները առիթ պիտի հանդիսանան, որպէսզի բարձր մակարդակով երաժշտութեամբ, վարպետ արուեստագէտներ յարգանքի տուրք մատուցեն Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի երաժշտական հանճարին նկատմամբ։
- Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, 2 դեկտեմբերին, միջեկեղեցական աղօթք՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի կրօնական միասնութեան կոչով։ Էքիւմենիք արարողութեան պիտի հանդիսապետեն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը, որոնք պիտի միանան Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի կրօնական միասնութեան ոգիով։ Այս հանդիսաւոր արարողութիւնը առիթ մը պիտի դառնայ արժեւորելու համար Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի հոգեւոր միասնութեան տեսլականը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութիւնը այս բոլոր ձեռնարկները կազմակերպած են Վատիկանի հետ համագործակցաբար՝ Սուրբ Աթոռի Քրիստոնէից միութեան խրախուսման եւ Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդներուն հետ համատեղ աշխատանքով։