ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՈՒ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայորդեաց տուներու տնօրէններն ու փոխ-տնօրէնները։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայորդեաց տուները մանկապատանեկան ու երիտասարդական կեդրոններու կարեւոր ցանց մը կը կազմեն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ։

Վեհարանի երդիքին տակ կազմակերպուած երէկուան հանդիպման ընթացքին Հայորդեաց տուներու գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնակատար Հայկ Գազազեան տարեմուտի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով այս կառոյցներուն նկատմամբ ցուցաբերուած հայրական խնամքին ու հոգածութեան համար։

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքին մէջ մեծապէս կարեւորեց Հայորդեաց տուներու առաքելութիւնը։ Անդրադառնալով անոնց 30-ամեայ գործունէութեան՝ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ բազմաթիւ հայորդիներ բացայայտած ու զօրացուցած են իրենց տաղանդներն ու շնորհները՝ այդ բոլորը ծառայեցնելով նաեւ Եկեղեցւոյ եւ երկրի շէնացման։ Ան կարեւոր նկատեց հայորդիներու միջեւ քրիստոնէական կրթութեան ու դաստիարակութեան շնորհիւ աստուածսիրութեան ու հայրենասիրութեան ոգիի կերտումը։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հայորդեաց տուներու թէ՛ վարչայիններու եւ թէ մանկավարժներու նախանձախնդիր ու հետեւողական գործունէութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան նաեւ հայորդեաց տուներու կրթական գործընթացի արդիւնաւէտութեան առաւել բարձրացման ուղղեալ հարցեր։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023