ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՐԿԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՅԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջին օրերուն լոյս ընծայեց երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1955-1994) երկերու ժողովածոյի երկրորդ հատորը, որ ձօնուած է լուսաւորչահաստատ Մայր Աթոռի 130-րդ գահակալի ծննդեան 110-ամեակին։ «Քարոզներ եւ խօսքեր» վերնագրեալ գիրքը տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։

Այս ժողովածոյին մէջ տեղ գտած են Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի՝ զանազան եկեղեցական տօներու եւ յիշարժան արարողութիւններու առիթով խօսած քարոզները, որոնք ի մի բերուած են ցայսօր երջանկայիշատակ հայրապետին նուիրուած ժողովածոներէն եւ «Էջմիածին» ամսագրէն։ Այս ժողովածոն հրատարակութեան պատրաստուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանի ջանքերով։

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018