ԵՐԵՔ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ՝ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ

Մեծ պահքի տասնվեցերորդ օրն է:

Եսայիի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Ինծի արդարութեան կանոնները կը հարցնեն, Աստուծոյ մօտենալ կը փափաքին, ու կ՚ըսեն. “Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար, մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չգիտցար”» (Ես 58.2-3):

Եթէ փորձենք անկեղծանալ մենք մեզի հետ՝ մեր ներաշխարհին մէջ, թերեւս մեզմէ շատեր այս հարցումը հարցուցած ըլլան Աստուծոյ: Թերեւս մեզմէ շատեր մեղադրած ըլլան զԱստուած՝ մեր պահեցողութիւնը չընդունելուն համար: Թերեւս մեզմէ շատեր մէկ-երկու փորձէ ետք, որոշում կայացուցած են այլեւս պահք չպահելու, արդարանալով, թէ Աստուած չի՛ լսեր զիրենք եւ չ՚ընդունիր իրենց պահեցողութիւնը:

Պատասխանը այս թերեւսներուն Աստուած Ի՛նք կու տայ յաջորդող համարներուն մէջ. «Ահա ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր բաղձանքը կը կատարէք եւ ձեր բոլոր պահանջները խստութեամբ կը պահանջէք: Ահա կռիւի ու վէճի եւ չարութեան բռունցքով զարնելու համար ծոմ կը պահէք, որ ձեր ձայնը բարձրերը լսել տաք: Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս ու մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այսպէ՞ս կ՚ըլլայ. իր գլուխը կնիւնի պէս ծռելով եւ իր տակ քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ՚ըլլայ: Ասիկա ծոմապահութիւն ու Տիրոջը ընդունելի օ՞ր պիտի անուանես» (Ես 53.3-5): ԶԱստուած մեղադրել պէտք չէ, ընդհակառակը, Աստուծմէ պէտք է իմաստութիւն խնդրենք, որպէսզի մէգը՝ որով պատուած են մեր հոգիին աչքերը փարատի ու կարենանք ճի՛շդ կերպով հասկնալ Աստուծոյ կամքը: Պահոց այս օրերը մանաւանդ, մեզի կ՚օգնեն ճի՛շդ կերպով հասկնալ Աստուծոյ կամքը, եթէ կարենանք ճի՛շդ կերպով հասկնալ պահեցողութեան ինչութիւնը:

Միւս կողմէ, այս բոլոր թերեւսներուն աղբիւրը մէկն է՝ սատանան, ով ամէն կերպ կ՚աշխատի խանգարելու մեր պահեցողութիւնը, ո՛չ միայն խանգարելու, այլ՝ ձախողցնելու, ինչպէս վարուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին հետ (կարդա՛ Մտ 4.1-11):

Մեր Տէրը տուաւ մեզի սատանայի փորձութեան չենթարկուելու օրինակը, գլախաւոր երեք սկզբունքներով.

ա. «Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. “Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է”» (Մտ 4.4):

բ. «Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. “Քու Տէր Աստուածդ չփորձես”» (Մտ 4.7):

գ. «Ետի՛ս գնա, սատանա՛, որովհետեւ Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. “Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն Անո՛ր ծառայես”» (Մտ 4.10):

Հաւատացեալ մարդուն համար երեք բանալի սկզբունքներ, որոնք ո՛չ միայն Պահեցողութեան այս ճամբորդութեան ընթացքին պէտք է գործադրել, այլ՝ ամբողջ կեանքի ընթացքին: Առաւել եւս այս ճամբորդութեան ընթացքին պէտք է գործածենք, որովհետեւ սատանան այս ընթացքին կատաղի կերպով կը յարձակի պահեցողներուն վրայ, որպէսզի հեռացնէ զանոնք Աստուծմէ: Հաւատացեալին տրուած է որոշում կայացնել եւ այս սկզբունքներով առաջնորդուելով ջախջախել ստանան ու իր արբանեակները Տէր Յիսուսի օգնականութեամբ եւ առաջնորդութեամբ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2024