ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
Աւագ չորեքշաբթին խաղաղ օր մըն է։ Յիսուս Իր սովորութեան համաձայն Տաճար չ՚երթար աղօթելու կամ քարոզելու։
Աւագ չորեքշաբթին նախապատրաստուելու եւ ինքնամփոփուելու օրն է՝ յաջորդող օրերուն գալիք փոթորիկներուն տոկալու համար։
Երկու յատկանշական դէպք կայ այս օրուան վերաբերող։ Առաջին.- Իր աշակերտներէն՝ Յուդա Իսկարիովտացին համաձայնեցաւ երեսուն արծաթի փոխարէն մատնել իր Վարդապետը, Օրէնքի Ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն։ Երկրորդ.- Բեթանիայի մէջ բորոտ Սիմոնի տան մէջ Քրիստոսի օծումը, որպէս սիրոյ եւ երախտագիտութեան խորին զգացում՝ հանդէպ երկնային Վարդապետին, եւ որպէս խորհրդանիշ՝ Անոր մօտալուտ մահուան (տե՛ս Մտ 26.6-13)։
Աւագ չորեքշաբթին ստեղծագործութեան չորրորդ օրը կը խորհրդանշէ եւ պատկերն է չորրորդ ժամանակաշրջանին, երբ Աբրահամ Իսահակը ունենալուն աւետիսը ստացաւ, հրեայ ժողովուրդը Եգիպտոսէն դուրս եկաւ եւ փոխադրուեցաւ Աւետեաց երկիր։
Ստեփանոս Աւ. Քհնյ. Մանդինեանց այսպէս կը գրէ. «Չորեքշաբթի օրը, Սոդոմի եւ Գոմորի յիշատակն է, կը կարդացուի Գիրքը որու մէջ նկարագրուած է անոնց կործանումը, եւ մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ անաչառ դատաստանը եւ դատակնիքը չապաշխարողներուն վրայ, նոյնպէս Յուդայի մատնութեան: Նաեւ կը կարդան պոռնիկ կնոջ Յիսուսի գլուխը օծելուն դէպքը եւ Յուդայի մատնութեան Աւետարանը», («Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ», Անթիլիաս, 2010, էջ 243):
Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան խօսելով Քրիստոսի՝ Սիմոնի տան մէջ օծումին մասին, այսպէս կը գրէ. «Քրիստոս աշխարհ եկած էր որպէս Մեսիա, Օծեալ, Քահանայապետ ու Թագաւոր, կատարելու համար Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ մարդկային փրկագործութիւնը: Հին կտակարանին մէջ իւղով կ՚օծուէին քահանայապետն ու թագաւորը (Ելք 30.30: Ա. Թգ 11.15: Բ. Թգ 2.4): Մարիամի կատարած օծումը տեսակ մը խորհրդանիշ էր տեսանելիօրէն Քրիստոսի իբրեւ յաւիտենական Քահանայապետ ու տեիեզերքի Թագաւոր օծուելուն:
Քրիստոսի համար Մեսիա ըլլալ կը նշանակէր չարչարուիլ ու մեռնիլ մարդոց փրկութեան համար, ինչպէս կենդանիօրէն նախատեսած ու մարգարէացած էին մարգարէները (Ես 52.12-53: Եր 11.18): Ուստի, Յիսուս այդ օծումը ընդունեց իբրեւ չարչարուող ու տառապող Մեսիա եւ ատոր համար ալ Մարիամի կատարածին համար ըսաւ. «Այս կինը մարմինս սկիզբէն օծեց թաղումիս որպէս նշան» (Մր 14.7-8): Հրէական սովորութեան համաձայն, թաղումէն քանի մը օրեր ետք յատուկ իւղերով կ՚օծէին մահացածի դիակը, որ շուտ չնեխի: Եւ քանի որ Յիսուսի մարմինը պիտի չկրնային օծել, երեքօրեայ մեռելներէն յարութիւն առնելու պատճառով, ահաւասիկ Մարիամ անգիտացաբար Յիսուսի թաղման առընչուած կարգաւորումը կը կատարէր:
Այդ առումով, մենք ալ կոչուած ենք մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ նկատմամբ մեր սէրէն ու հաւատքէն մղուած՝ երկիւղով ու երախտագիտական հոգիով թանակգին նուէրներ տալ մեր Տիրոջ: Ամենաթանկագինն ու արժէքաւորը վստահաբար պիտի ըլլայ մեր սիրտին նուիրումը Տիրոջ, ինչպէս նաեւ սիրով, հաւատարմութեամբ, բարեպաշտութեամբ եւ բարեգործութեամբ շաղախուած մեր հնազանդութիւնը ցոյց տալով անոր» (Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, «Աւագ շաբաթ», Անթիլիաս 2019, էջ 33-34):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ