ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐՈՒՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ար­դէն հրա­ժեշտ կու տայ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն եւ նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն առ­թիւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լած մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հիւ­րե­րուն։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ ըն­տա­նի­քի հո­վուա­պետ­նե­րէն՝ Ղպտի Ե­կե­ղեց­ւոյ Տ.Տ. Թա­ւադ­րոս Բ. Պատ­րիար­քին, Ա­սո­րի Ե­կե­ղեց­ւոյ Տ.Տ. Եփ­րեմ Բ. Պատ­րիար­քին եւ Մա­լան­կա­րա­յի Ե­կե­ղեց­ւոյ Տ.Տ. Թո­մայ Փաու­լոս Բ. Պատ­րիար­քին հետ, ո­րոնց շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ա­նոր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար։ Ըստ Նո­րին Սրբու­թեան, ի Քրիս­տոս հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րու Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կա­յու­թիւ­նը հո­գե­ւոր մեծ մխի­թա­րու­թիւն մըն էր հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ամ­բողջ աշ­խար­հին կը պատ­գա­մէր, որ Քրիս­տո­սի ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ­նե­րը կը բաժ­նեն ի­րա­րու թէ՛ ու­րա­խու­թիւ­նը եւ թէ տխրու­թիւ­նը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ան­տիո­քի եւ Հա­մայն Ա­րե­ւել­քի Յոյն Ուղ­ղա­փառ Պատ­րիարք Տ. Եու­հան­նա Ժ. Պատ­րիար­քին հետ։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան մաս­նա­ւոր մտա­հո­գու­թեամբ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րու բնա­կիչ քրիս­տո­նեա­նե­րու ծանր կա­ցու­թեան։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը այս կա­պակ­ցու­թեամբ ա­ղօթ­քով մաղ­թեց, որ Բարձ­րեա­լը զօ­րաց­նէ պատ­րիարքն ու իր հօ­տը՝ դի­մագ­րա­ւե­լու բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հրա­ժեշտ տուին նաեւ վեր­ջին օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լած Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Փրա­կի Ար­քե­պիս­կո­պոս Ռաս­թիս­լա­ւի, Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ար­քե­պիս­կո­պոս Թի­խո­նի, Սէն Փե­թերս­պու­րկի Մետ­րա­պո­լիտ Վար­սո­նո­ֆի, Զիմ­պա­պուէի Մետ­րա­պո­լիտ Սե­րա­ֆի­նի ե­ւ այլք։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նա­կից Անկ­լի­քան Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ դար­ձուց գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ, Լոն­տո­նի Հոն Ռի­չըրտ Չարթ­րէս Ե­պիս­կո­պո­սին գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Լոն­տո­նի ար­քե­պիս­կո­պո­սը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին յանձ­նեց Քեն­թըր­պը­րիի Ար­քե­պիս­կո­պոս Ճաս­թին Վել­պիի զօ­րակ­ցու­թեան գրու­թիւ­նը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց նաեւ Բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Տքթ. Օ­լաւ Թուէյ­թը, Եւ­րո­պա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու գոն­ֆե­րան­սի նա­խա­գահ Քրիս­տո­ֆըր Հիլ­լը, ԱՄՆ-ի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ազ­գա­յին խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ճիմ Ո­ւինք­լէ­րը եւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան եւ միջկ­րօ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հրա­ժեշ­տի հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն հետ։ Այս շրջագ­ծով ան զրու­ցեց Վա­տի­կա­նէն՝ Քրիս­տո­նէա­կան միու­թեան խրա­խուս­ման քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Կար­տի­նալ Քուրտ Քո­խի եւ Մա­րո­նիտ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռա­յի Պատ­րիար­քին հետ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015