ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վիեննայի Պետական համալսարանէն խումբ մը։ 32 դասախօսներէ եւ ուսանողներէ բաղկացեալ այս խումբի գլուխը կը գտնուէին՝ Կաթոլիկ Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի Ծիսագիտութեան ու խորհուրդներու աստուածաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Ֆոյլնէր եւ Քրիստոնեայ Արեւելքի ուսումնասիրութեան ու հայրաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Փրոքշին։ «Քրիստոնէութիւնը Կովկասի մէջ. Սուրբ Հռիփսիմէի եւ Սուրբ Նունէի հետքերով» ծրագրի շրջանակներէն ներս Հայաստան այցելեց այս խումբը, որուն ուղեկցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Յուսիկ Աբեղայ Սմբատեան, որ կ՚ուսանի Վիեննայի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէէն ներս։

Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց հիւրերու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան կապակցութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը ներածական խօսքէն վերջ պատասխանեց նաեւ հիւրերու զանազան հարցումներուն։

Վիեննայի համալսարանի խումբը Մայր Տաճարի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ Համբարձման տօնին առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագին։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017