ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շփումներ ունեցաւ Տիարպաքըրի մէջ, ուր ընդունուեցաւ փոխ-կուսակալ Ապտուլլահ Չիֆթճիի, գլխաւոր քաղաքապետ Տողան Հաթունի եւ Սուրի համաքաղաքապետներուն՝ Ատնան Էօրհանի եւ Ֆաթմա Էօնքոլի կողմէ։ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք եւ գործակից ընկերներն ալ ընկերացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որու հետ էր նաեւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ուխտի այց մը տուաւ Ս. Կիրակոս եկեղեցի, որու պարտէզին մէջ երեկոյեան ալ ընթրիք մը սարքուեցաւ իրեն ի պատիւ։
Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, այս ուղեւորութեան հիմնական նպատակն է՝ Տիարպաքըրի հին քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգնումը, որու համար Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ պիւտճէ մը տրամադրուած է։ Վերականգնման աշխատանքները արդէն իսկ մշակուած են եւ ամէն ինչ պատրաստ է՝ գործնական աշխատանքի ձեռնարկելու համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնն ալ զուգադիպած է այս փուլին։