ՆԱԽԿԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՎԱՀԷ ՊԱՂՏԱՏ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԵՑԱՒ՝ Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը վեր­ջերս հա­մալ­րուե­ցաւ եր­կու լաւ պատ­րաս­տուած նո­րաօծ ե­րի­տա­սարդ քա­հա­նա­նե­րով։ Նիւ Եոր­քի Ս. Վար­դան Մայր տա­ճա­րին մէջ, ան­ցեալ Կի­րա­կի, Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի ձե­ռամբ քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուե­ցան Վա­հէ Սրկ. Պաղ­տա­սա­րեան եւ Սա­րօ Սրկ. Գա­լայ­ճեան։ Հարկ է նշել, որ Վա­հէ Սրկ. Պաղ­տա­սա­րեան նախ­կին պոլ­սա­հայ մըն է, բա­ւա­կան փոքր տա­րի­քէ ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան նուի­րուած հա­մակ­րե­լի ա­նուն մը, որ մեր հա­մայն­քա­յին շրջան­նե­րուն ծա­նօթ է որ­պէս Վա­հէ Պաղ­տատ։ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան զին­քը վե­րա­նուա­նեց Տ. Ար­մաշ Քհնյ. Պաղ­տա­սա­րեան, իսկ իր օ­ծա­կի­ցը՝ Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Գա­լայ­ճեան։

Այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի հրա­տա­րա­կենք մեր վա­ղուան թի­ւով։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2016