ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբ մը՝ առաջնորդութեամբ Հարիճավանքէն Տ. Եղիշէ Քահանայի։

Խումբը, որ Իսթանպուլ եկած էր՝ այցելելու զանազան տեսարժան եւ կրօնական վայրեր, պիտի մեկնի Վան՝ մաս կազմելու յառաջիկայ կիրակի տեղի ունենալիք Աղթամարի ուխտագնացութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական յորդորներով ոգեւորեց զիրենք, ուժ ու կորով մաղթեց ու յարատեւութիւն՝ իւրաքանչիւրին իրենց հոգեւոր կեանքերուն մէջ։

Ուխտաւորները առաջնորդութեամբ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի, այցելեցին Պատրիարքարանի թանգարանը ու տեղեկութիւններ ստացան հայր սուրբէն։ Հուսկ, խումբը շրջեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ համալիրն ու Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022