ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՍԱՆԵՐԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ար­ժան­թի­նի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն սա­ներ, ո­րոնց կ՚ու­ղեկ­ցէր հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Զե­փիւռ Տիզ­չէ­քէ­նեան։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ծա­նօ­թա­ցաւ իւ­րա­քան­չիւր սա­նի հետ, իր օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, նաեւ վեր­յի­շեց դէ­պի Ար­ժան­թին հո­վուա­պե­տա­կան ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին վար­ժա­րան տուած այ­ցը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ զրու­ցեց ա­նոնց ու­սում­նա­ռու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի մաս­նակ­ցու­թեան շուրջ։ Ե­րի­տա­սարդ­ներն ալ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րէին ա­նոր կեան­քին, ա­ռօ­րեա­յին եւ ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րուն։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Հռո­մի Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պի Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան։

ՀՐԱ­ԺԵՇ­ՏԻ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ

Բաց աս­տի, ե­րէկ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մօտ Քեն­թըր­պը­րիի ար­քե­պիս­կո­պո­սի պա­տուի­րակ եւ Անկ­լի­քան հա­մայն­քի հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր Հայր Ճոն Պար­քը­րի հետ։ Այս վեր­ջի­նը փու­թա­ցած էր Նո­րին Սրբու­թեան հրա­ժեշտ տալ, քա­նի որ կ՚ա­ւար­տէ իր սպա­սա­ւո­րու­թեան շրջա­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Նո­րին Սրբու­թիւ­նը իր օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց անկ­լի­քան հո­գե­ւո­րա­կա­նին՝ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­լով ա­նոր պա­տաս­խա­նա­տու սպա­սա­ւո­րու­թեան եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ ազ­նիւ ու ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար։ Իր կար­գին, Հայր Ճոնն ալ խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ Հա­յաս­տա­նէ ներս իր ծա­ռա­յու­թեան տա­րի­նե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած մշտա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։

Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան եւ Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեան։

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016