ՎԵՀԱՓԱՌԷՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս հիւրընկալեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այն միաբանները, որոնք Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ արժանացած էին վարդապետական աստիճանի։ Անոնք ձեռնադրուած էին Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի կողմէ։ Նոր ձեռնադրեալներն են՝ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեան, Տ. Անդրէաս Վրդ. Եզէկեան եւ Տ. Գրիգորիս Վրդ. Շոխիկեան։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նոր վարդապետներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց անոնց տարիներու վաստակն ու ծառայասիրութիւնը։ Ան պատգամեց երիտասարդ վարդապետներուն՝ արժանի ըլլալ իրենց կոչման, պատասխանատուութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կատարել իրենց ուսերուն դրուած նոր պարտականութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը հայցեց, որ Երկնաւոր Տէրը զօրացնէ անոնց հաւատն ու ոգին եւ աւելի արդիւնաւոր դարձնէ երիտասարդ վարդապետներու կեանքի ընթացքը, որպէսզի իրենց նուիրումով մեծ ներդրում ունենան Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։

Բարի ծառայութեան մաղթանքով՝ Նորին Սրբութիւնը նորաթուխ վարդապետներուն շնորհեց ակնակուռ լանջախաչեր։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2019