Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԻԼԱՆՈՅԻ ՄԷՋ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անցեալ կիրակի Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Վարագայ Ս. Խաչի տօնակատարութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեան։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին ըսաւ. «Խաչի խորհուրդին մէջ մենք կը տեսնենք զոհողութիւնը, յաղթանակն ու յաւերժութիւնը։ Հայաստանի համար այս ծանր ժամանակաշրջանին անգամ մը եւս յիշենք խաչի խորհուրդը եւ ապաւինինք անոր զօրութեան», ըսաւ ան։

Հարկ է նշել, որ այս Ս. Պատարագով իտալահայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան հրաժեշտ տուաւ այդ առաքելութեան։ Իրեն պիտի յաջորդէ Տ. Ներսէս Աբեղայ Յարութիւնեան։ Արարողութեան ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս երկու երիտասարդ հոգեւորականներուն մասին։ Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ ատենապետ Սարօ Խուտավէրտեանի կողմէ գլխաւորուած տեղւոյն ծխական խորհուրդի անդամները, որոնք եւս ջերմօրէն շրջապատեցին երկու հայր սուրբերը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022