Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՊԷՅՍԱՅՏԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ուսումը կատարելագործելու համար մեկնած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանը, անցեալ կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առթիւ, պատարագեց եւ քարոզեց Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Սա հայր սուրբի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնումէն վերջ մատուցած առաջին Ս. Պատարագն էր։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հովիւը՝ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ հաւատացեալներուն կողմէ, նաեւ զրուցեց ատենապետ Կրէկ Սարայտարեանի կողմէ գլխաւորուած ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ։ Այս Ս. Պատարագէն վերջ կատարուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ յարակից կիրակնօրեայ վարժարանի նոր շրջանի պաշտօնական բացումը։

Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան թէ՛ Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ կը կատարելագործէ իր ուսումը եւ թէ՛ Նիւ Եորքի ու շրջակայքի հաւատացեալներուն հովուական ծառայութիւն մատուցելու ճանապարհին կ՚օժանդակէ թեմի հոգեւորականաց դասուն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022