ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։

Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ԳՀԽ-ի անդամները։ Իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցելով ժողովականներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը բոլորին մաղթեց Ս. Հոգւոյ առաջնորդութիւնը եւ արդիւնաւոր ընթացք ժողովի աշխատանքներուն։

Նստաշրջանի առաջին օրուայ նիստերուն ատենապետեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

Քառօրեայ նստաշրջանի օրակարգի վրայ կը գտնուին՝ ԳՀԽ-ի 18 փետրուար 2016 թուականի որոշման հիման վրայ յառաջիկային Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման հարցը։ Բաց աստի, ժողովական հայրերը կը քննարկեն եկեղեցական կառոյցներու վերակազմակերպման հարցեր, եկեղեցւոյ կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման ծրագրի ընթացքը, Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակներու յոբելենական տօնակատարութիւններու ծրագրերը, Հայ Եկեղեցւոյ թեմերուն վերաբերեալ զանազան հարցեր, ինչպէս նաեւ ազգային-եկեղեցական կեանքը յուզող զանազան խնդիրներ, որոնք առկայ են Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2018