ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԵՂՈՂ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծ պահքի տասնեօթներորդ օրն է:

Երէկուան մեր գրութեան մէջ մէջբերեցինք Եսայիի մարգարէութեան 53-րդ գլուխէն մի քանի համար, ուր կարդացինք, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կը բողոքեն՝ մեղադրելով զԱստուած, որ չ՚ընդունիր իրենց պահեցողութիւնը: Կարդացինք նաեւ, թէ ինչպէս Աստուած անոնց խայտառակ պահեցողութեան կերպը կը ներկայացնէ, հարցադրելով, թէ ասիկա ծոմապահութիւն ու Տիրոջ ընդունելի օ՞ր պիտի համարես (Ես 58.5):

Այսօր պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչն է Աստուծոյ ընդունելի պահեցողութիւնը՝ Ի՛ր իսկ բառերով: Նոյն գլուխին մէջ կը կարդանք.

«Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է» (Ես 53.6-7):

ա. Անիրաւութեան կապերը քակելը. այսինքն՝ նախ եւ առաջ անիրաւութենէ ընդհանրապէս հեռու մնալը: Երկրորդ, եթէ ոեւէ մէկուն անիրաւած ենք, ապա շտկենք մեր սխալը, որովհետեւ ոեւէ մէկուն անիրաւելով, մենք մեզ է որ անիրաւած կ՚ըլլանք եւ մենք մեզ է որ կապած կ՚ըլլանք: Իսկ անիրաւութեան կապերը քակելով, ո՛չ միայն մեր դիմացինին պատճառած վնասը կը փոխհատուցենք, այլ՝ մենք մեզի օգնած կ՚ըլլանք:

բ. Լուծին կապերը թուլցնելը. այսինքն՝ բեռները թեթեւցնելը: Յիշենք, որ անցեալին հրեաները ստրուկներ կը պահէին եւ շատ յաճախ անգթութեամբ կը վարուէին անոնց հետ: Արդարեւ, լուծին կապերը թուլցնել ըսելով, Տէրը կ՚ուզէ սորվեցնել մեզի, որ բոլորին հետ արդարութեամբ վարուինք: Այսօր եւս, մեզմէ շատեր այնքա՛ն կը ճնշեն իրենց ենթակայութեան տակ եղողները, կարծես իրենց ստրուկները ըլլան: Զգոյշ պէտք է ըլլալ եւ այդպիսով զԱստուած չբարկացնել:

գ. Հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլ. ընդհանրապէս հարստահարելէ հեռու պէտք է մնանք: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի ուրիշ մէկը հարստահարելու, ընդհակառակը, օգնելու, որ հարստահարութեան չենթարկուի: Մասնակից դառնալով ուրիշի մը հարստահարութեան, մենք մեզ հարստահարութեան ենթարկած կ՚ըլլանք սատանային:

դ. Ամէն լուծ կտրելը. յատկապէս հոգեւոր լուծերը: Այսօր մեզմէ շատեր գերին դառնալով իր եսին, բազմաթիւ լուծեր հաւաքած են իրենց ուսերուն: Մեծ պահքի այս շրջանը լաւագոյն առիթն է այդ լուծերէն ազատուելու:

ե. Հացդ անօթիին բաժնելը. այսօր ի՜նչ շատ է թիւը այն դրացիներուն, որոնք ապրելով հարուստ կամ վիճակով լաւ դրացիներու կողքին, անօթի են սակայն: Ականատես կը դառնան իրենց դրացիներու զեղխութեան, սակայն, աղքատ Ղազարոսի նման շուներուն նետուած կերակուրի մնացորդներէն հազիւ կարենան բաժին առնել: Պահքի այս ընթացքը լաւագոյն առիթն է մեր հացը կիսելու մեր նմաններուն հետ:

զ. Թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը. այսօր այս սովորութիւնը ընդհանրապէս վերացած է: Ընդհակառակը, երբ թափառականներու հանդիպինք, կամ մեր ճամբան կը փոխենք, կամ հազար ու մէկ լուտանք կը թափենք անոնց գլուխին: Զգոյշ ըլլանք սակայն, թափառական մը մեր տունը ընդունիլը՝ Աստուծոյ համար հաճելի է:

է. Մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է. հագուստապաշտութեան այս դարուն ի՜նչ ազդեցիկ են այս խօսքերը: Բացէ՛ք ձեր սենեակներուն մէջ եղող պահարանները, քանի՞ ձեռք հագուստ պիտի գտնէք այնտեղ: Իսկ հիմա, պահ մը մտաբերեցէք ձեր թաղին մէջ վիճակով ո՛չ բարօր ընտանիքի մը մայրիկին կարկտան եղած հագուստը, կամ երեխայի մը ծակ գուլպաները…

Ի՞նչ անխիղճ դարձած ենք մենք…: Յետոյ կը մեղադրենք զԱստուած որ մեր պահեցողութիւնը չ՚ընդունիր, մեր աղօթքները չ՚ըդնունիր: Այս մեղադրանքներուն դիմաց, մենք մեզի հարցնենք, արդեօ՞ք մենք Աստուծոյ ուզած ձեւով պահք կը պահենք ու կ՚աղօթենք, թէ՞ մեր ուզածին ու հասկցածին պէս…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2024