ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ՝ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը վերջերս Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպեց դասընթացք-համաժողով մը՝ ընտանիքներուն հոգեւոր աջակցութիւն մատուցելու ուղղեալ ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան «Կլոր սեղան» հիմնադրամի եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի աջակցութեամբ իրականացաւ այս դասընթացք-համաժողովը հոգեւորականներու եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի շրջանային պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ։ Աշխատանքային օրերուն, համաժողովի մասնակիցները ներկայ գտնուեցան նաեւ Կեչառիսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան ժամերգութեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ համաժողովի բացման։
Դասընթացքներուն շրջագծով զեկուցեցին Երեւանի Պետական համալսարանի Փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան ֆաքիւլթէէն Տոց. Սիրլուայ Պետրոսեան եւ Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան։ Այս վերջինը մասնաւորապէս անդրադարձաւ մարդկային արարքներուն եւ անոնց հետեւանքներուն, ընտանիքներէ ներս աստուածային ներկայութեան եւ անկէ բխած հոգեւոր արժեհամակարգի խնդրին, ինչպէս նաեւ բարոյական պատասխանատուութեան հարցին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024