ՍԵՐՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիոյ «Փիթէր Փազման» կաթոլիկ համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Սուրոմի Սապոլչն ու իր կողմէ գլխաւորուած խումբ մը ուսանողներ։ Հիւրերուն ընկերացան Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։ Հանդիպման ընթացքին նախ արտայայտուեցաւ Ռուբէն Միրզախանեան, որ ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետի կողմէ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործին նկատմամբ ցուցաբերուող մեծագոյն ուշադրութիւնը։ Ան խօսեցաւ նաեւ երկու համալսարաններու միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններուն մասին։ Իր կարգին, Փրոֆ. Սապոլչն ալ  վառ տպաւորութիւններ արտայայտելով ուրախութիւն յայտնեց, թէ Աւագ շաբթուան ընթացքին վերստին կ՚այցելէ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնը ու կը հանդիպի հայոց հովուապետին հետ։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ հաճելի է տեսնել տարիներ առաջ սկզբնաւորուած սերտ համագործակցութեան շօշափելի արդիւնքները։ Ան աւելցուց, որ այս ջերմ յարաբերութիւնները կը սնուին բարեկամ երկու ժողովուրդներու դարաւոր պատմական աւանդութիւններէն, իսկ այսօր նորովի կենդանութեան շունչ կը ստանան եւ առաւել կը զօրանան։

Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց, որ Փրոֆ. Սապոլչ այցելութեան օրերուն Մայր Աթոռի մէջ ներկայութեամբ մեծապէս ոգեւորած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսչական, դասախօսական կազմը եւ ուսանողները։ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ հայ հոգեւորականաց պատրաստութեան համար արտերկրի գործակից համալսարաններու շարքը շուտով կը համալրուի «Փիթէր Փազման» կաթոլիկ համալսարանով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 28, 2018