ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ ԿԱՄՔՈՎ ԵՒ ՅՈՅՍՈՎ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս հոգեւորականաց համագումար մը տեղի ունեցաւ՝ նախագահութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Մեծ պահոց շրջանին, Աւագ շաբթուան ընդառաջ, թեմի հոգեւորականները քննարկեցին հովուական գործունէութեան եւ շրջանի ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի բազմաթիւ նիւթերը։ Այս ամբողջին մէջ առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձան միօրեայ վարժարանները, որոնք կը գործեն Արեւմտեան թեմի հովանաւորութեան ներքեւ։

Հոգեւոր հայրերը առանձին քննարկման տակ առին յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման, նաեւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնները։

Համագումարի եզրափակիչ փուլին, առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդէս եկաւ ամփոփիչ խօսքով մը, որու ընթացքին գնահատեց իր հոգեւոր եղբայրներուն նուիրեալ աշխատանքը։ Ան ընդգծեց նոր դպիրներ ու սարկաւագներ պատրաստելու նշանակութիւնը։ Օրակարգային քննարկումները աւարտին հասան նորին սրբազնութեան աղօթքով։

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024