ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԳԱԳԱԹ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հովուապետներու հանդիպում մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հրաւէրով, 1915 թուականի դէպքերու նահատակներու Սրբադասման արարողութեան եւ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն առթիւ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ համախմբուեցան համաքրիստոնէական ընտանիքէն բազում ներկայացուցիչներ։ Այս շրջագծով տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հովուապետներուն հանդիպումը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին տանտիրութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետին առընթեր հաւաքին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Աղեքսանդրիոյ Պապ եւ Համայն Ափրիկէի Պատրիարք Տ.Տ. Թաւադրոս Բ. Ղպտի Եկեղեցւոյ գահակալը, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ Համայն Արեւելքի Տ.Տ. Եփրեմ Բ. Պատրիարքը եւ Մալանկարայի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պետ, Մալանկարայի Մետրապոլիտ Տ.Տ. Թոմայ Փաուլոս Բ. Պատրիարքը։
Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու այս հանդիպման կապակցութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ 1965 թուականին Ատիս Ապեպայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ի վեր նման հնարաւորութիւն մը չէր եղած։ Նորին Սրբութիւնը միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբադասման արարողութեան առթիւ անոնց Հայաստան փութալուն կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ ողջունեց դաւանակից քոյր եկեղեցիներու առաջնորդները ու կանգ առաւ Սրբադասման արարողութեան կարեւոր նշանակութեան վրայ։
Հանդիպման տեւողութեան հովուապետները քննարկեցին այն խնդիրները, որոնք կը յուզեն Արեւելեան Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու ընտանիքը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ մասնաւորապէս եկեղեցիներու հաւատացեալներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Օգտակար նկատուեցաւ, որ վերականգնուի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պետերու պարբերական հանդիպումներուն նախընթացը, ինչ որ կարեւոր խթան մը կրնայ ըլլալ համագործակցութեան զօրացման համար։
Ղպտի, ասորի եւ մալանկարայ եկեղեցիներու առաջնորդները եւս գոհունակութիւն յայտնեցին Սրբադասման արարողութեան ներկայ գտնուելու կապակցութեամբ եւ իրենց հերթին վերահաստատեցին քոյր եկեղեցիներու հովուապետներու հանդիպումներուն կարեւորութիւնը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024