ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑ

Կրետէ կղզիի հայ համայնքի ներկայացուցիչները նախընթաց օր այցելութիւն մը տուին Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ այս կղզիի նոր արքեպիսկոպոսին՝ Եւգինէոս Մետրապոլիտին։ Այս այցելութեան առթիւ Կրետէ փութացին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան։ Այս վերջիններուն գլխաւորութեամբ Կրետէի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Անթոնի Պենարտի եւ անդամներէն Գէորգ Փոլատեան ու Սենտի Աւետիսեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին նոր մետրապոլիտին, որուն յղեցին շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ։

Խումբը նախ կղզիի Յոյն Ուղղափառ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ, ապա ջերմ հանդիպում մը ունեցաւ նոր արքեպիսկոպոսին հետ։ Այս առթիւ Մետրապոլիտը բարձր գնահատեց հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութիւնը ու մասնաւորապէս անդրադարձաւ հայոց կողմէ Կրետէի պատմութեան վրայ թողուած հետքերուն։ Այցելուները մետրապոլիտին փոխանցեցին նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ողջոյնները։

Կրետէի Ս. Կարապետ եկեղեցին կը գտնուի Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ։ Այնտեղ Աւագ շաբաթը կը նշուի՝ ըստ Հին տոմարի։ Տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցին չունի մշտական հոգեւոր հովիւ մը։ Ծխական խորհուրդի փափաքին ընդառաջ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խնդրանքով եւ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, այս տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան Կրետէի մէջ նախագահեց Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն։ Իր կեցութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ Նորին Սրբազնութիւնը գլխաւորէ նաեւ Սրբազան Մետրապոլիտին տրուած այցելութիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2022