ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՎ ՄԵԿՆԱՐԿ
Տիարպաքըրի պատմական կեդրոնին՝ Սուր գաւառակին մէջ տեղի ունեցաւ՝ վաղուց ամբողջութեամբ խոնարհուած Ս. Սարգիս պատմական եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքը։ Շինարարութեան սկիզբը բնորոշեց՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, քաղաքի դիւանակալական վերնախաւը եւ այլ հիւրեր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծրագրի սկիզբին առ Աստուած աղօթք բարձրացուց, որպէսզի օրհնեալ ըլլայ նախատեսուած գործը։ Ներկայ էին նաեւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք եւ գործակից ընկերները։
Նորին Ամենապատուութիւնը որ ճանապարհի աղօթքը կատարեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ արդէն վերադարձաւ քաղաքս՝ ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։