Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Մասաչուսեց նահանգի Ուսթրի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ծուխի ուխտաւորները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Անոնք այս ուխտագնացութիւնը կ՚իրականացնեն՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Թադէոս Քհնյ. Բարսեղեանի։
Նորին Սրբութիւնը զրոյցի ընթացքին ուխտաւորներուն պատգամեց՝ աշխուժացնել համայնքային կեանքը եւ նոր սերունդը կրթել ու դաստիարակել հոգեւոր-ազգային արժէքներով, ամրապնդել անոնց սրտերուն մէջ սէրը Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ։
Ուրբաթ, Յունիս 28, 2024
Եկեղեցական
- 11/27/2024