ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ե­րեք թե­մե­րը ջան­քեր կը գոր­ծադ­րեն՝ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գե­լու հա­մար։ Վեր­ջերս Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ե­րեք թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն հան­դի­պու­մը։ Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նին կող­մէ այս կա­պակ­ցու­թեամբ հրա­պա­րա­կուած է մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, զոր կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ։ 

Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեան, Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան եւ Գա­նա­տա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Աբ­գար Ե­պս­կ. Յո­վա­կի­մեան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով եւ զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով կը պահ­պա­նեն ի­րենց եղ­բայ­րա­կան սերտ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը՝ ի­րենց հո­գե­ւոր եւ վար­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը լա­ւա­գոյնս կա­տա­րե­լու հա­մար:

Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեանի հրա­ւէ­րով, Տ. Խա­ժակ Ար­ք. Պար­սա­մեան եւ Տ. Աբ­գար Ե­պսկ. Յո­վա­կի­մեան Հինգ­շաբ­թի, Յու­լի­սի 14-ին, ժա­մա­նե­ցին Լոս Ան­ճե­լըս եւ Ա­ռաջ­նոր­դա­րան այ­ցե­լե­լով սի­րա­լիր եւ մտեր­միկ հան­դի­պում ու­նե­ցան Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հետ: Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը եղ­բայ­րա­բար ող­ջու­նեց զի­րենք եւ ա­նոնց բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս:

Ա­ՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ

Ուր­բաթ, Յու­լի­սի 15-ի ա­ռա­ւօտ, Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեա­նի հրա­ւէ­րով, Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Տ. Վա­չէ Ար­ք. Յով­սէ­փեան եւ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեան եւ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի պաշ­տօ­նեա­նե­րը՝ «Ար­մէն Համ­բար» դահ­լի­ճին մէջ նա­խա­ճա­շի սե­ղա­նին շուրջ հա­ւա­քուած՝ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր գլխա­ւո­րու­թեամբ, բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­ցին Տ. Խա­ժակ Ար­ք. Պար­սա­մեա­նին, Տ. Աբ­գար Ե­պսկ. Յո­վա­կի­մեա­նին եւ Ս. Էջ­միած­նէն հիւ­րա­բար ժա­մա­նած Մայր Ա­թո­ռի Լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Ե­պսկ. Յա­կո­բեա­նին:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը Թե­մի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն ա­նու­նով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բարձ­րաս­տի­ճան հիւր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ անդ­րա­դար­ձաւ ա­նոնց հետ ու­նե­ցած ջերմ յա­րա­բե­րու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հրա­ւէ­րով Տ. Խա­ժակ Ար­ք. Պար­սա­մեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քը փո­խան­ցեց հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն՝ շեշ­տե­լով հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան յա­ջո­ղու­թեան հա­մար միաս­նա­բար խորհր­դա­կու­թիւնն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: Ա­պա Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հրա­ւէ­րով Տ. Աբ­գար Ե­պսկ. Յո­վա­կի­մեան իր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նին եւ հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւ­ներ փո­խան­ցեց Գա­նա­տա­հա­յոց Թե­մի հո­գե­ւոր եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Ան յայ­տենց, թէ Լա­վա­լի ե­կե­ղե­ցին, սրահ­նե­րը եւ ընդ­հա­նուր հա­մա­լի­րը կա­ռուց­ման ը­նաթց­քի մէջ է եւ մօտ ա­պա­գա­յին պի­տի ա­ւար­տի:

Մայր Ա­թո­ռէն ժա­մա­նած Տ. Յով­նան Ե­պսկ. Յա­կո­բեան նոյն­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Յով­նան Սրբա­զա­նին՝ այս գե­ղե­ցիկ ա­ռի­թին հա­մար եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ կա­տա­րուած ծի­սա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու մա­սին, ինչ­պէս նաեւ շեշ­տեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի բարձր հսկո­ղու­թեամբ Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նի եւ Վազ­գէ­նեան դպրա­նո­ցի մէջ պատ­րաս­տուող նոր ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու մա­սին:

Նա­խա­ճա­շի պատ­րաս­տու­թեան աշ­խա­տան­քը սի­րա­յօ­ժար կեր­պով կա­տա­րած էր Մայր Տա­ճա­րի հա­ւա­տա­ւոր ան­դամ­նե­րէն՝ Ռա­մե­լա Սե­րո­բեան, որ ար­ժա­նա­ցաւ Սրբա­զան Հօր գնա­հա­տու­թեան:

Ա­ՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Նա­խա­ճա­շի ա­ւար­տին, Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեան, Տ. Խա­ժակ Ար­ք. Պար­սա­մեան եւ Տ. Աբ­գար Ե­պսկ. Յո­վա­կի­մեան Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի մէջ յա­տուկ հան­դի­պում ու­նե­ցան եւ քննար­կե­ցին օ­րա­կար­գի հե­տե­ւեալ հար­ցե­րը.

ա- Թե­մա­կան խոր­հուրդ­նե­րու հա­մա­տեղ հան­դի­պում:

բ- Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հան­դի­պում:

գ- Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ Ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­լայ­նուած խորհր­դա­ժո­ղով Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ:

դ- Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն:

ե- Ս. Խո­րա­նի սպա­սա­ւոր­ներ եւ երգ­չա­խումբ:

զ- Տա­րե­կան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղով:

է- Ս. Ներ­սէս ըն­ծա­յա­րան:

ը- Հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ:

թ- Հիւ­սի­սա­յին եւ Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Աւստ­րա­լիոյ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու հան­դի­պում:

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Կի­րա­կի, Յու­լի­սի 17-ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Մայր տա­ճա­րին մէջ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ սկսաւ ժա­մեր­գու­թիւ­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Տ. Վա­չէ Ար­ք. Յով­սէ­փեան, Տ. Աբ­գար Ե­պսկ. Յո­վա­կի­մեան, Տ. Յով­նան Ե­պսկ. Յա­կո­բեան, Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեան, Տքթ. Տ. Զա­ւէն Ա. Քհնյ. Ար­զու­մա­նեան, Տ. Սի­փան Ա­. Քհնյ. Մխսեան, Տ.­Մի­քա­յէլ Քհնյ. Կիւ­րե­ղեան եւ Տ. Ներ­սէս Քհնյ. Հայ­րա­պե­տեան:

Օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյ­ց Տ. Խա­ժակ Ար­ք. Պար­սա­մեան: Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին ծու­խի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Խա­ժակ Քհնյ. Շահ­պա­զեան եւ Տ. Մի­քա­յէլ Քհնյ. Կիւ­րե­ղեան:

«Հայր մեր»էն ա­ռաջ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Տ. Աբ­գար Ե­պսկ. Յո­վա­կի­մեա­նը, որ ծա­ռա­յած էր Վրաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մի, ինչ­պէս նաեւ Պուլ­կա­րիոյ մէջ եւ եր­կու տա­րի­նե­րէ ի վեր ա­ռաջ­նորդն էր Գա­նա­տա­հա­յոց Թե­մին:

Սրբա­զան Հայ­րը ներ­կա­յա­ցուց նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Ե­պսկ. Յա­կո­բեա­նը, որ ա­մե­նայն ձեռն­հա­սու­թեամբ կը կա­տա­րէր ի­րեն վստա­հուած կա­րե­ւոր պաշ­տօ­նը: Իր գլխա­ւո­րու­թեամբ պատ­րաս­տուած էին Հռո­մի Քա­հա­նա­յա­պետ՝ Նո­րին Սրբու­թիւն Ֆրան­սիս­քոս Պա­պի Մայր Ա­թոռ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին գոր­ծա­ծուած ա­րա­րո­ղա­կար­գե­րու տպուած գրքոյկ­նե­րը:

Սրբա­զան Հայ­րը ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուց պա­տա­րա­գիչ Տ. Խա­ժակ Ար­ք. Պար­սա­մեա­նը: Սրբա­զան Հայ­րը շեշ­տեց, որ Տ. Խա­ժակ Սրբա­զան ա­ռաջ­նոր­դա­կան իր հո­գե­ւոր եւ վար­չա­կան բո­լոր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու կող­քին եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ան­դամ է նաեւ Մայր Ա­թո­ռի Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դին, ուր իր գոր­ծօն ծա­ռա­յու­թեան բա­ժի­նը կը բե­րէ: Յատ­կա­պէս շեշ­տեց նաեւ, որ Սրբա­զան Հայ­րը Մայր Ա­թո­ռի կապն ու միջ­նոր­դը կը հան­դի­սա­նայ Վա­տի­կա­նի եւ Հռո­մի քա­հա­նա­յա­պետ­նե­րուն մի­ջեւ եւ 2001 թուա­կա­նին հայ ժո­ղո­վուր­դի քրիս­տո­նեայ դառ­նա­լու 1700-ա­մեա­կին առ­թիւ, իր ջան­քե­րուն շնոր­հիւ Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը իր անդ­րա­նիկ այ­ցե­լու­թիւ­նը շնոր­հեց Մայր Հայ­րե­նիք եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին: Ա­պա հրա­ւի­րեց Սրբա­զան Հայ­րը, որ իր հո­գե­ւոր պատ­գա­մը փո­խան­ցէր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն:

Տ. Խա­ժակ Ար­ք. Պար­սա­մեան նախ իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր, որ ի­րեն ա­ռի­թը ըն­ծա­յած էր Մայր տա­ճա­րին մէջ պա­տա­րա­գե­լու, ո­րուն օծ­ման ինք եւս մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի գլխա­ւո­րու­թեամբ: Շեշ­տեց Ս. Պա­տա­րա­գի մի­ջո­ցաւ միաս­նա­բար ա­ղօ­թե­լու եւ մեր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նե­լու Երկ­նա­ւոր Հօր՝ Իր տուած բո­լոր բա­րիք­նե­րուն հա­մար: Ա­պա նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ նա­խորդ օ­րը Հայց. Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նախմ­բէր Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի որ­դի­նե­րուն եւ թոռ­նե­րուն տօ­նը, ու­րա­խու­թեամբ յայտ­նեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը Քրիս­տո­սի Ս. Թա­դէոս եւ Ս. Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու մի­ջո­ցաւ ըն­դու­նեց Քրիս­տո­սը որ­պէս Աս­տու­ծոյ Միա­ծին Որ­դին եւ Փրկի­չը, ա­պա Դ. դա­րուն Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի եւ Տրդատ թա­գա­ւո­րի ջան­քե­րուն շնոր­հիւ Հա­յաս­տան քրիս­տո­նէու­թիւ­նը հռչա­կեց որ­պէս պե­տա­կան կրօն: Հա­ւատ­քի եւ ծա­ռա­յու­թեան ո­գին շա­րու­նա­կուե­ցաւ մին­չեւ Ե. դար, երբ Ս. Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի կող­մէ երկ­նա­յիսն տե­սիլ­քով ստեղ­ծուե­ցան հա­յե­րէն տա­ռե­րը եւ Ս. Գիր­քը թարգ­մա­նուե­ցաւ գրա­բար հա­յե­րէի:  

Սրբա­զան Հայ­րը կոչ ուղ­ղեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, որ­պէս­զի մե­զի ժա­ռանգ հա­սած ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին ո­գին միշտ կեն­դա­նի պա­հենք մեր հո­գի­նե­րուն մէջ եւ նոյն ո­գիով դաս­տիա­րա­կենք մեր ներ­կայ եւ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը:

Մեծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն ստա­ցան պա­տա­րա­գիչ Սրբա­զան Հօր, Տ. Աբ­գար Ե­պսկ. Յո­վա­կի­մեա­նի եւ Տ. Յով­նան Ե­պսկ. Յա­կո­բեա­նի ձե­ռամբ:

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տի Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն:

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Ար­մէն Համ­բար» դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Մայր տա­ճա­րի «Զուարթ­նոց» մշա­կու­թա­յին յանձ­նա­խում­բին կող­մէ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Լե­նա Սի­մո­նեա­նի:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հրա­ւէ­րով Տ. Աբ­գար Ե­պսկ. Յո­վա­կի­մեան եւ Տ. Յով­նան Ե­պսկ. Յա­կո­բեան ի­րենց ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղե­ցին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, իսկ սե­ղան­նե­րուն օրհ­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց Տ. Խա­ժակ Ար­ք. Պար­սա­մեան:

Հիւ­րա­սի­րու­թեան ա­ւար­տին, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հո­գե­կան մխի­թա­րու­թեամբ բաժ­նուե­ցան ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն:

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2016