ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Զօհրապեանի։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ուխտաւորներուն այցելութիւնը Հայաստան եւ Սուրբ Էջմիածին ու մասնաւորապէս գնահատեց Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Զօհրապեանը, որու ջանքերով կազմակերպուած էր այս ուխտագնացութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին դարեր շարունակ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ ստանձնած է հայապահպանութեան պատասխանատու գործը, հոգեփրկչական առաքելութեան առընթեր։ Նորին Սրբութեան խօսքերով, ուխտագնացութիւնները լաւագոյն ճանապարհները կը համարուին՝ հայ ժողովուրդի ինքնութեան գիտակցութիւնը զօրացնելու եւ ամրացնելու առումով։ Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ դէպի Հայաստան կազմակերպուած ուխտագնացութիւնները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն, որպէսզի հայորդիները հասակ առնեն որպէս Հայաստանի ու նախնեաց արժանաւոր զաւակներ եւ հետեւորդներ իրնեց հայրերուն ստեղծած հարուստ ժառանգութեան։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ կրթութեան ոլորտէն ներս Հայ Եկեղեցւոյ իրականացուցած առաքելութեան։ Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ բազմաբնոյթ հարցումներու, զորս ուխտաւորներուն կողմէ ուղղուեցան իրեն։
Ընդունելութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը ամերիկահայ ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ աղօթեց, որ Երկնաւոր Տիրոջ քաղցր հայեացքի ներքեւ անոնք շարունակեն ապրիլ՝ նոյն նախանձախնդրութեամբ փարած մնալով Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքին։